ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի-Արմենիա».- «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ արդէն սկսած են նորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներ։ Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերացիայի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան:
Նախապէս ան յայտարարած էր, որ Հայաստանի եւ Իտալիոյ հաւաքականներու հանդիպումը՝ 2014 թուականի աշխարհի առաջնութեան ընտրական շարքի շրջագիծին մէջ, պիտի կայանայ նորոգուած «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ:
«Այս պահին իրականացւում է հանդերձարանների եւ սանհանգոյցների նորոգումը, ինչպէս նաեւ մենք անցել ենք մարզադաշտի լուսաւորութեան փոխարինմանը», ըսած է Հայրապետեան:
Ըստ անոր, մինչեւ Օգոստոս նորոգութեան բոլոր աշխատանքները պէտք է աւարտած ըլլան, որ մարզադաշտը պատրաստ լինի Բելառուսի հաւաքականի հետ կայանալիք ընկերական խաղին:
Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտը Հայաստանի մեծագոյն մարզադաշտն է, ուր կրնան հաւաքուիլ 70 հազար համակիրներ։ Վերջին տարիներուն մարզադաշտին մէջ պաշտօնական միջազգային հանդիպումներ չեն կայացած, քանի որ այդ բացառիկ շինութեան որոշ կարեւոր կառուցուածքային հարցեր ունէր։
«Հրազդան» մարզադաշտին կապուած են Երեւանի 70ական թուականներու «Արարատ» առասպելական խումբի լաւագոյն խաղերը:
Հայաստան-Իտալիա հանդիպումը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 2012ին։
Հայաստանի հաւաքականը դարձաւ Եւրոպայի 2012 թուականի առաջնութեան ընտրական հանգրուանի բացայայտումներէն մէկը եւ առաջնութեան եզրափակիչ հանգրուան հասնելու իսկական կարելիութիւններ ունի: Ռուսական եւ ուքրանական ակումբներուն մէջ խաղացող երիտասարդ, տաղանդաւոր ֆութպոլիստներուն շնորհիւ Հայաստանի հաւաքականը կը նկատուի հեռանկար ունեցող եւրոպական խումբերէն մէկը։