ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան» Ազգային վարժարանի 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները ամէն տարի կը մասնակցին ներդպրոցական գիտական մրցանքի մը, որուն ներկայացուած գործերուն մէկ մասը կը ներկայացուի Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին, որմէ ետք, ընտրուած գործերը կրնան նահանգային մակարդակի մրցումին մասնակցիլ:
Երկուշաբթի, Մարտ 5ին տեղի ունեցաւ այս տարուան մրցանքին արժեւորումը: Դատակազմի անդամներն էին՝ Թալին Մաքտեսեան, դոկտ. Սթելլա Պաղտասարեան, դոկտ. Ռիչըրտ Մոյըր, դոկտ. Յակոբ Ինճէյեան եւ Օժէնի Սամմիս, որոնք ներկայացուած գործերէն ընտրեցին լաւագոյն 13ը, որոնք պիտի մասնակցին Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին: Լաւագոյն գիտական աշխատանքները ներկայացուցած աշակերտներն են՝ Մերի Ալիոզեան, Արմէն Պաղտասարեան, Փաթրիք Բեկեան, Էտվին Դանիէլեան, Միշել Կարապետեան, Անի Կարապետեան, Դրօ Կարապետեան, Շանթ Համբարձեան, Նիքլըս Յարութիւնեան, Մեթիու Յարութիւնեան, Դանիէլ Քէսոյեան, Արմանտ Մանուկեան եւ Ալեքսանտր Փոփովիչ:
Նաեւ, ներդպրոցական գիտական մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Դալար Գասապեան, երկրորդ հանդիսացան Մերի Ալիոզեան ու Լոռի Պէրպէրեան, իսկ երրորդ՝ Մեթիու Յարութիւնեան ու Սեւակ Քէօսէյեան: Փաթրիք Բեկեան պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ:
(Քաղուած վարժարանի գիտական բաժանմունքի պատասխանատու ու գիտական մրցանքը համակարգող Լիդա Գէորգեանի թղթակցութենէն)