ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 21ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի առաքելութեան զօրակցող նախագահական յայտարարութիւնը, որուն մէջ կոչ կ՛ըլլայ Սուրիոյ իշխանութեանց եւ ընդդիմադիրներուն, որ ընդունին Սուրիոյ տագնապին լուծման նպատակով Անանի ներկայացուցած համաձայնութեան նախագիծը:
Անան, որուն ներկայացուցիչները Դամասկոսի մէջ կը շարունակեն իրենց խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ իշխանութեանց հետ, առաջարկած է զինադադար հաստատել, կամ օրական առնուազն երկու ժամեայ զինադուլ հռչակել, վիրաւորներ հեռացնելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ տեղ հասցնելու համար, ինչպէս նաեւ քաղաքական երկխօսութիւն սկսիլ բոլոր կողմերուն միջեւ՝ «քննելու համար Սուրիոյ ժողովուրդին օրինական մտահոգութիւնները»:
Յայտարարութեան մէջ չկայ համաձայնութիւն գոյացնելու պայմանաժամ մը, որուն ընդդիմացած էր Մոսկուա, եւ միայն կը նշուի, թէ Անանի ներկայացնելիք հերթական զեկուցումներէն ետք պիտի քննուին Սուրիոյ դէմ առնուելիք միջոցառումները:
Ֆրանսա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած էր այս յայտարարութիւնը, որովհետեւ ցարդ կարելի չէ եղած Սուրիոյ հարցով բանաձեւ մը վաւերացնել: Նախագահական յայտարարութեան գործադրութիւնը պարտադիր չէ, մինչ բանաձեւը աւելի կշիռ ունի:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց այն լուրերը, թէ ռուսական մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ Թարթուս քաղաքը հասած են:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալան Ժիւփէ յայտնեց, որ Փարիզ կը մերժէ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարը՝ զգուշացնելով, որ ատիկա Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը յառաջացման վտանգները պիտի աճեցնէ: Ան նաեւ բացառեց Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն՝ առանց ՄԱԿի լիազօրութեան: