ԵՐԵՒԱՆ.- 20 Մարտին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ տարածաշրջանային գործերու, զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Փիեռօ Կնուտիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են այդ բնագաւառներուն մէջ հայ-իտալական համագործակցութեան ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Ռ. Կարապետեան Փ. Կնուտիին տեղեկացուցած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ 2009էն ի վեր՝ օդային ուղիղ կապի հաստատումէն ետք, զգալիօրէն աւելցած է զբօսաշրջութեան տարողութիւնը: Այս ժամանակաշրջանին իտալացի զբօսաշրջիկներուն թիւը գրեթէ եռապատկուած է՝ 2011ին կազմելով Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւին 18 առ հարիւրը:
Դեսպանը տեղեկացուց նաեւ, որ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորութեամբ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կազմակերպուած է զբօսաշրջութեան ոլորտի հայ-իտալական երկու համաժողով։ Կը նախատեսուի 30 Մարտին Երեւանի մէջ եւս գործարար համաժողով մը գումարել՝ «Սուրբ Ղազարից մինչեւ Հայաստան» նախագիծի շրջանակներուն մէջ։
Կողմերը կարեւոր նկատեցին այս տարուան Նոյեմբերին Իտալիոյ 15րդ միջազգային հնագիտական զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը՝ պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով:
Զրուցակիցները քննարկեցին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ իրաւական պայմանագիրներու ստորագրութեան կարելիութիւնները։
Անդրադարձ կատարուեցաւ այն երեւոյթին, որ վերջին երկու տարուան ընթացքին Իտալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր ստորագրուած են 6 վարչատարածքային (մարզային եւ քաղաքային) միաւորներու միջեւ: Զրուցակիցները յատուկ կերպով շեշտը դրած են մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան զարգացման վրայ։ Ռուբէն Կարապետեան Փիեռօ Կնուտին հրաւիրեց Հայաստան՝ դիտելու 9 Հոկտեմբերին ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան համար Երեւանի մէջ կայանալիք Հայաստան-Իտալիա խաղը: