
ԹՈՐՈՆԹՕ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու յայտնի պաշտպան եւ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, համագործակցելով Թորոնթոյի «Զօրեան» հիմնարկին՝ լոյս ընծայած է «Գերմանական փաստաթուղթեր. Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1915-1916ին» խորագիրով հատորին, որուն մէջ կան Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական արխիւներու փաստաթուղթերը՝ թրքերէն լեզուով:
Գերմանական այս կարեւոր փաստաթուղթերը կազմուած եւ խմբագրուած են գերմանացի լրագրող, պատմաբան եւ թարգմանիչ Վոլֆկանկ Կուսթի կողմէ: Անոնց բնօրինակը հրատարակուած է գերմաներէնով:
Հատորին բնօրինակը տասը տարիներու հետազօտութիւններու արդիւնք է:
Զարաքօլու, որ ներկայիս բանտարկուած կը մնայ, երկար տարիներ հետապնդուած է թրքական կառավարութեան կողմէ, Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան եւ երկրի փոքրամասնութիւններու իրաւանց պաշտպանութեան վերաբերեալ իր հանրային դիրքորոշումներուն եւ հրատարակութիւններուն համար: