
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան 21 Մարտին կայացած կառավարութեան նիստին ընթացքին հարցումներ ուղղելու օրակարգով յիշեցուցած է, որ մօտ մէկ ամիս առաջ քանդուած է Մաշտոցի պողոտային վրայ գտնուող «Փակ շուկայ»ի տանիքին մէկ երրորդ մասը, հակառակ անոր որ շէնքը յուշարձան նկատուող կառոյց է եւ անոր վնաս հասցնելը յանցագործութիւն կը նկատուի։
Ան ընդգծեց, որ կառուցողը աշխատանքներ կը տանի չվաւերացուած նախագիծով. ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ փակ շուկային ճակատագիրը։
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան պատասխանեց, որ ցարդ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուած է միայն ստորերկրեայ կառատան նախագիծ, իսկ վերեւի հատուածի վերաբերեալ որեւէ նախագիծ չկայ:
Նախարարը ընդունեց, որ տանիքի փոփոխութիւնները ապօրինաբար եղած են։ Ան նշեց, որ դէմ է շէնքի անյապաղ վերականգնման, սակայն կողմ է, որ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը եզրակացութիւն տայ այս գծով, քանի որ շէնքը 3րդ աստիճանի վթարային է եւ որեւէ գործողութիւն վտանգաւոր է անոր համար: