ԵՐԵՒԱն, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ըսած, թէ Հայաստան Ընտրական լաւ օրէնսգիրք ունի։ Ան յոյս յայտնած է, որ ընտրութիւններուն ընթացքին այդ օրէնքները կը յարգուին ու կը պահպանուին։
«Մենք կ՛աշխատինք բոլոր կուսակցութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ, որպէսզի այս ընտրութիւնները ազատ, արդար եւ վստահելի ըլլան։ Ուրբաթ օրը գլխաւոր դատախազը մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ, մենք ալ պիտի մասնակցին անոր՝ պահանջելով, որ ընտրութիւնները ըլլան ազատ, արդար եւ վստահելի։ Այդ պատճառով կ՛աշխատինք ե՛ւ կառավարութեան, ե՛ւ բոլոր կուսակցութիւններու ու ներգրաւուած կողմերու հետ, որպէսզի այդ մէկը կարելի ըլլայ», ըսած է դեսպանը։
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ նախընտրական շրջանին բոլոր կուսակցութիւնները առիթ եւ կարելիութիւն կ՛ունենան լրատուամիջոցներէն օգտուելու, եւ Ընտրական օրէնսգիրի սկզբունքները կը պահպանուին թէ՛ նախընտրական շրջանին, եւ թէ քուէարկութեան օրը։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք ինչպէ՞ս կը մօտենայ այն երեւոյթին, որ ցուցական առեւտուրի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ կը ձգտին պատգամաւոր ըլլալ՝ դեսպանը նշած է, որ այդ մէկը ճշդելը քուէարկող քաղաքացիին իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ։ Ոեւէ մէկը կրնայ իր թեկնածութիւնը առաջադրել, անոր ընտրութիւնը սակայն ժողովուրդը կը ճշդէ։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այդքան ալ կարեւոր չէ, թէ թեկնածուն ի՛նչ ենթահող ունի, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ դերասաններ պետական պաշտօններու հասած են։