ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավարին տեղեկութիւններուն համաձայն, Փետրուարին շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են չորս նոր ընտանիքներ՝ 11 անդամէ բաղկացած. մէկական ընտանիք վերաբնակուած է Սամարք, Դիցմայրի, երկու ընտանիք՝ Եզնագոմեր գիւղերուն մէջ:
ԼՂՀ ընկերային ապահովութեան նախարարութիւն ուղարկուած են հինգ վերաբնակուող ընտանիքներուն թղթածրարները, վերաբնակիչի կարգավիճակ ստացած է 26 ընտանիք: Կազմակերպուած է նաեւ մէկ ընտանիքի գոյքի տեղափոխումը «Քաշաթաղ» բարեսիրական հիմնադրամի միջոցներով: Նախարարութիւն ուղարկուած են նաեւ երեք եւ աւելի երեխայ ունեցող 14 ընտանիքներու թղթածրարները, որպէսզի «Արցախ ֆոնտ»ը տնտեսութեան զարգացման նպատակով կթան կով յատկացնէ անոնց:
Իսկ Շահումեանի շրջանի վարչակազմէն յայտնած են, որ Փետրուարին շրջանին մէջ նոր ընտանիք չէ վերաբնակեցուած:
Նշենք, որ նախորդ տարի Շահումեանի մէջ վերաբնակեցուած է 27, իսկ Քաշաթաղի մէջ 219 ընտանիք: