
Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի Հայագիտութեան ուսումնասիրութեանց կեդրոնը հրճուանքով կը ծանուցէ սփիւռքահայ գեղարուեստական արձակի լաւագոյն նմոյշներէն՝ Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի Անտառը» երկին անգլերէն թարգմանութեան («The Bois de Vincennes») հրատարակութիւնը: Սփիւռքահայ գրականութեան ամենայարգուած ներկայացուցիչներէն Սարաֆեանի 1947ին հայերէնով հրատարակուած այս գործին անգլերէնի թարգմանիչն է Քրիսթոֆըր Ադամեան: Թարգմանութեան կցուած է նաեւ Սարաֆեանի մտաւոր աշխարհը քննարկող փրոֆ. Մարկ Նշանեանի ներածականը:
«Վենսենի Անտառը» երկով, ընթերցողը կը ծանօթանայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառած աքսորի հետեւանքներուն՝ ֆրանսահայ ականաւոր գրողներէն մէկուն վրայ: Սարաֆեան, որ Փարիզ բնակած է 1923էն մինչեւ իր մահը՝ 1972 թուական, ֆրանսահայ գրողներու «Մենք» խմբակին անդամ էր: Վերջիններս իրենց նոյնանուն պարբերականով եւ առանձին հրատարակուած գեղարուեստական այլ գործերով փորձեցին հայ ինքնութիւնը վերակերտել եւ վերասահմանել սփիւռքեան նոր պայմաններուն մէջ: Միաժամանակ, այս երկը հեղինակին համար իր սեփական, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական աքսորը իմաստաւորելու փորձ մըն էր: Վերջապէս, երկը Վենսենի պուրակին մէջ եւ անոր մասին երկար խորհրդածութիւններու արգասիքն է: Այս անտառին մէջ է, որ հեղինակը երկար ժամանակ կ՛անցընէր՝ խոկալով միայնակ: Քրիսթոֆըր Ադամեան՝ հատորին թարգմանիչը, Նիւ Եորք կը բնակի եւ հանրածանօթ է նաեւ որպէս գրող եւ ֆիլմարտադրիչ: «Վենսենի Անտառը» հատորին թարգմանութիւնը իր առաջին թարգմանական գործն է: Թարգմանութեան հրատարակութիւնը իրականացաւ «Աճէմեան հիմնադրամ»ին տրամադրած առատաձեռն դրամաշնորհին միջոցով՝ ի յիշատակ հանգուցեալ Ռոպերթ Աճէմեանի: «Աճէմեան հիմնադրամ»ը կը գործէ Միշիկընի մէջ եւ կ՛օժանդակէ ամերիկահայ մշակութային կեանքի բարգաւաճման սատարող ձեռնարկներու: Նորընծայ հատորին (ISBN 978-1934548-02-8 or 1-934548-02-2) ցրուիչն է «Ուէյն Սթէյ»չ համալսարանի հրատարակչութիւնը: Զայն կարելի է ձեռք բերել նաեւ առցանց՝ «Ամազոն» կամ «Պարնզ էնտ Նոպըլ» գրավաճառներէն: