Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մեծ պահքի երկար շաբաթներէն ետք անհամբեր կը սպասենք Սուրբ Զատկուան: Անշուշտ բոլորիս խանդավառութիւնը բաւական մեծ է: Տունը պիտի զարդարենք, հաւկիթ պիտի ներկենք, սեղան պիտի պատրաստենք եւ հիւրեր պիտի ընդունինք: Սակայն երեխաներու պարագային, անոնց խանդավառութիւնը աննկարագրելի է: Անոնք անհամբերութեամբ կը սպասեն Զատկուան, որպէսզի իրենց սպասուած հաւկթախաղն ու ուտելիքները վայելեն:
Ամէն տարի անոնք, յատկապէս այս տօնին, յաւելեալ պատճառ ունին խանդավառուելու՝ անոնց արտօնուած է սառնարանի ամէնէն վտանգաւոր «առարկայ»ով խաղալ:
Արդէն կը մտածէք շուկայ երթալու եւ հաւկիթի ներկեր գնելու մասին: Այս տարի որոշեցի աւելի ապահով ու առողջապահական հաւկիթներ հրամցնելու համար, բնական գոյներով ներկել հաւկիթները: Մանաւանդ, երբ կը յիշեմ թէ ամէն տարի ուզած գոյներս չեմ կրնար ունենալ: Ուրեմն ձեզի կը ներկայացնեմ բնական բանջարեղէններով կամ պտուղներով ներկուած հաւկիթներ: Յուսամ կը սիրէք այս ձեւը եւ դուք ալ կ՛որդեգրէք այն, զոր ես կ՛որդեգրեմ այս տարի:
Այս ձեւը նաեւ լաւագոյն միջոցն է զաւակներուն դաստիարակելու բնական լուծումներու եւ դարմանումներու դիմելու համար:
Սկսելու համար որոշեցէք թէ ի՞նչ գոյն կ՛ուզէք ներկել ձեր Զատկուան հաւկիթները:
Ահաւասիկ կը ներկայացեմ բնական գոյներու խումբ մը եւ անոր հասնելու միջոցները.
բաց կարմիր՝ կարմիր սոխի կեղեւ
վարդագոյն՝ թարմ ճակնդեղի հիւթ
բաց մանիշակագոյն՝ մանիշակագոյն ծաղիկներ
նարնջագոյն՝ դեղին սոխի կեղեւ
բաց դեղին՝ քաշուած «թիւրմերիք» (turmeric) 2 թ. դգալ
բաց կանաչ՝ շոմինի (spinach) տերեւ
կանաչ-ոսկեգոյն՝ դեղին (Delicious) խնձորի կեղեւ
կապոյտ՝ կարմիր կաղամբի տերեւ
մութ կապոյտ՝ խաղողի հիւթ
մոխրագոյն կապոյտ՝ սառած հապալաս (blueberry)
պէժ դէպի սրճագոյն՝ թունթ լուծուող սուրճ 2 ա. դգալ
Հիմա որ ունիք բոլոր բաղադրիչները, ահաւասիկ պատրաստութեան կերպը.
1- Հաւկիթները շարեցէք կաթսային մէջ միայն մէկ շարք: Վրան աւելցուցէք ջուրը մինչեւ հաւկիթները ծածկուին:
2- Աւելցուցէք 1-2 ա. դգալ քացախ: Անշուշտ տրամաբանական ձեւով ինչքան աւելցնէք հաւկիթներուն թիւը այդ համեմատութեամբ նաեւ պէտք է աւելցնել քացախին ու «ներկ»ին քանակը:
3- Աւելցուցէք բնական ներկը, այն գոյնը, որ կÿուզէք ձեր հաւկիթը ստանայ:
4- æուրը եռալէն ետք կրակը ցածցուցէք ու շուրջ 15 վայրկեան եռացուցէք:
5- Գիշեր մը զայն պահեցէք ջուրին մէջ, քիչ մը գոց վիճակի մէջ եւ երեխաներու հասողութենէն հեռու: Գիշեր մը ամբողջ երբ պահէք, հաւկիթներուն գոյնը աւելի մութ եւ հարուստ կ՛ըլլայ:
6- Առաւօտեան վերցուցէք այն բաղադրիչը, որուն միջոցաւ ներկեցիք հաւկիթները: Կատարելապէս պաղելէն ետք կրնաք զարդարել ձեր ճաշակին համաձայն:
Երեախաներուն համար հաճելի պահերը արդէն հասած են:
———————————————————————————–
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Զատկուան Հաւկթաձեւ Կարկանդակը
Առաջին նայուածքով կրնայ այս անունը ձեզ սարսափեցնել, բայց վստահ եղէք կարկանդակ մը պիտի ունենանք որ ձեր ներկած հաւկիթներէն շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ եւ սիրուն ձեւով զարդարուած պիտի ճոխացնէ ձեր սեղանը, բայց միաժամանակ շատ դիւրին ձեւով պիտի պատրաստուի:
Շատ պարզ ու հաճելի է անոր պատրաստութիւնը եւ սովորական կարկանդակի մը պատրաստութենէն առաւել ժամանակ պիտի չխլէ ձեզմէ: Ամէնէն դժուար բաժինը կարկանդակին կաղապարը գնելը պիտի ըլլայ: Սակայն կ՛արժէ այդ մէկը ընել, մանաւանդ որ անիկա պիտի դառնայ ձեր աւանդութիւններէն մէկը:
Բաղադրիչներ
1 հատ 3 հեռաւորութիւններով հաւկիթի ձեւ կարկանդակի կաղապար
1 տուփ լիմոնէ կարկանդակի խառնուրդ
1 1/4 գաւաթ ջուր
3 հատ մեծ հաւկիթ
1/3 գաւաթ բուասկան ձէթ
փոշի շաքար
1 գաւաթ (2 մատիկ) կարագ՝ սենեակի ջերմութեամբ
3 թ. դգալ թարմ լիմոնի հիւթ
4 գաւաթ փոշի շաքար
4 ա. դգալ «սմեթան»
գունաւոր զանազան ձեւի զարդարանքներ
զարդարելու համար շաքարներ
Այս չափը կը պատրաստէ 2 կաղապարներ՝ 12 հոգիի համար
Պատրաստութեան կերպը
1- Փուռը տաքցուցէք 350 ջերմաստիճանով: Կաղապարները իւղոտեցէք եւ ալիւրով ծեփեցէք: Կարկանդակի խառնուրդը դրէք խորունկ ամանի մը մէջ:
2- Աւելցուցէք 1 1/4 գաւաթ ջուրը, հաւկիթները եւ բուսական ձէթը: Ելեկտրական mixer-ով խառնեցէք շուրջ՝ երկու վայրկեան:
3- Պատրաստուած կարկանդակի խոյսը պարպեցէք ամաններուն մէջ հաւասարապէս ու եփեցէք զանոնք մօտաւորապէս 35 վայրկեան կամ մինչեւ որ երեսը բաց սրճագոյնի վերածուի. ատամնացպիկով ստուգեցէք եւ կարկանդակին եփուած ըլլալը հաստատեցէք:
4- Միջոցին երկու փուռի թելերու վրայ չոր անձեռոցներ փռեցէք ու անոր վրայ փոշի շաքար ցանեցէք: Եփուած կարկանդակները վրան պարպեցէք եւ պաղեցուցէք ապա զանոնք փոխադրեցէք ափսէի մը վրան:
5- Կարագը զարկէք միջակ խորունկ ամանի մը մէջ, մէջը աւելցնելով 1 1/2 թ. դգալ լիմոնի հիւթը, 2 գաւաթ փոշի շաքարը եւ 2 ա. դգալ «սմեթան»ը: Պատրաստուած frosting-ը տարածեցէք կարկանդակին վրայ հաւասարապէս:
6- Ապա ըստ ձեր ճաշակին զարդարեցէք կարկանդակը զանազան շաքարներով եւ զարդարանքի յատուկ նախշերով:
Զարդարելու գաղափարներ
1- Յատուկ զարդարանքի icing-ով գիծեր կազմեցէք մօտաւորապէս մէկ ինչ հեռաւորութեամբ եւ գիծերուն միջեւ բաց գոյնի զարդարանքներ լեցուցէք:
2- Ձեր երեխաներուն նախասիրած շաքարներով ու տուրմերով զարդարեցէք այս կարկանդակը: Միշտ նկատի առէք բաց գոյները, որոնք նման կարկանդակի մը վրայ աւելի յաջող դուրս կու գան: Բաց գոյնի «M&M» շաքարները, գունաւոր կարծր «ճէլի»ները, կամ մինչեւ անգամ հնդընկոյզով կարելի է զարդարել այս «հաւկիթը»: