ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ «Շան»չ ուսանողական միութիւնը կը ներկայացնէ տեղեկատուական «Դէպի Երկիր-Հայրենադարձութեան Իրականութիւններ» ձեռնարկը՝ յառաջացնելու համար Սփիւռքի ներակցումը Հայաստանին, կամաւորական եւ հայրենադարձական առիթնեով։ Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 1, 2012ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանէն ներս։ Զանազան կազմակերպութիւններ կը մասնակցին՝ տեղեկութիւն ներկայացնելով Հայաստանի մէջ որոշ ձեռնարկներու մասին: Ձեռնարկը նաեւ պիտի ներկայացնէ տեսակցութիւններ հայրենադարձներու հետ, եւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն՝ յատկանշելով Գիւմրիի երեխաներուն աշխատանքը։ Հիւր խօսողներէն կը ներկայանան Ալֆրէտ Եսայեանն ու Սառա Անճարղօլեանը, որոնք 2011ին մասնակցեցան Երեւանի մէջ TEDxYerevan ձեռնարկին։
Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին հայեր աշխարհի չորս կողմէն ներգրաւուած են Հայաստանի զարգացման գործընթացին մէջ՝ կամաւորական, համարձակ նախաձեռնութիւններով՝ հայրենիք վերադառնալով։ Մասնակցողները առիթը պիտի ունենան անդրադառնալու այս առիթներուն եւ ուսումնասիրելու գաղափարներ «Դէպի Երկիր» շարժումին մասին։
«Կոչ կ՛ուղղենք հայ Սփիւրքին՝ «Դէպի Երկիր» շարժումին մասնակցելու եւ աջակցելու մեր հայրենիքի բարելաւման՝ իմաստալից կերպով», կը յայտնէ ըսաւ Նորա Քայսերեան՝ ՀՅԴ «Շան»չ ուսանողական միութեան «Դէպի Երկիր» յանձնախումբի ատենապետը։ «Հայերը այսօր առաւելութիւնը եւ առիթը ունին գրաւակալ անդամ ըլլալու ազատ եւ անկախ Հայաստանի զարգացման։ Հայաստանի ապագան կ՛ունենայ աւելի պայծառ հեռանկար Սփիւռքի ներդրումով»:
Տեղեկատուական առիթներ ներկայացնող կազմակերպութիւնները կը ներառեն՝ Armenian Volunteer Corps, AYF Youth Corps Program, Birthright Armenia, Christian Youth Mission to Armenia (CYMA), Armenia Tree Project, Habitat for Humanity, Visit Armenia, Its Beautiful եւ ուրիշներ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, կապուիլ
arfshant@gmail.com հասցէին կամ ARFShant.org կայքէջին: