
Արդարեւ, այս եղաւ մեր տպաւորութիւնը, երբ Շաբաթ, Մարտ 10ի կէսօրին մուտք գործեցինք ՀՕՄուհիներով ու ՀՕՄին գործունէութիւնը գնահատող երիտասարդ ու տարեց բարեկամներով լեցուն «Արպա»չ խրախճանքի սրահը։ Սեղաններու շուրջ բոլորուած՝ յայտնօրէն անկաշկանդ տնեցիի ուրախ զգացումներով եկեր էին անոնք մասնակցելու ՀՕՄի Նորթ Հոլիվուտի «Մեղրի» մասնաճիւղի կազմակերպած Մեծ պահոց Միջինքի աւանդական ճաշկերոյթին։
Օրուան հանդիսավարն էր Սեդա Դարբինեանը, որ բացումը կատարելով՝ նախ ողջունեց ներկայութիւնը Նորթ Հոլիվուտի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանին ու զայն հրաւիրեց սեղանները օրհնելու։
Մինչ ներկաները սկսան համտեսելու պահոց յատուկ համադամ ճաշատեսակները, հանդիսավարը յայտնեց, թէ ուրախութիւն է իրեն համար յայտարարել ներկայութիւնը ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գանձապահ ու ներկայացուցիչ Քրիստին Քէշիշեանի, ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի կնքամայր Ժասիկ æառահեանի, ՀՕՄի «Մեղրի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Սիլվա Կակոսեանի, ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Սեզա Էնէշեանի, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Խաչիկ Թիթիզեանի եւ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ատենապետուհի Պերճուհի Խարմանտարեանի։
Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ ու քաջալերանքով յաւելեալ ուժ կը ներարկեն իւրաքանչիւր ՀՕՄուհիի երակներուն մէջ, ու շեշտեց, թէ «մենք՝ ՀՕՄուհիներս, վստահ եղէ՛ք, որ ձեզմով զօրացած՝ աւելի եռանդով ու խանդավառութեամբ պիտի շարունակենք մեր նուիրական պարտականութիւններն ու յանձնառութիւնները՝ հանդէպ հայ ժողովուրդի կարօտեալներուն, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք։ Մեր ընկերուհիները մեղուներու պէս կ՛աշխատին եւ պիտի շարունակեն աշխատիլ, որպէսզի մեր մասնաճիւղը իր յանձնառութիւնները իրագործէ»։ Ապա հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Քէշիշեանը, որ իր խօսքը ուղղէ ներկաներուն։
Ընկերուհի Քէշիշեան ողջունեց բոլորը եւ անդրադառնալով «Մեղրի» մասնաճիւղի գործունէութեանց՝ շեշտեց, թէ «ո՛ւր սէր ու համբերութիւն կայ, հո՛ն յաջողութիւն կայ»:
Ապա ընկերուհի Դարբինեան յայտնեց. «ՀՕՄը հիմնուած էր Մարտ 10, 1910ին եւ այսօր գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը՝ Մարտ 10ն է։ «Մեղրի» մասնաճիւղը տասներկու տարի առաջ հիմնուեցաւ եւ այսօր տասներկու տարեկան է արդէն։ Քիչ ետք, Միջինքի համով ճաշերը ճաշակելու ընթացքին, հաճելի անակնկալ մը պիտի հրամցնենք ձեզի. ինը հայուհիներ, ինքնակամ, իրենց երդումը պիտի տան ու միանան ՀՕՄի շարքերուն՝ խտացնելով «Մեղրի» մասնաճիւղին շարքերը, կնքամայրութեամբ Ժասիկ æառահեանին»:
Պահը հասած էր երդման արարողութեան։ Նորագիրները՝ թիւով ինը, իրենց անուններով հրաւիրուեցան առջեւ գալու եւ պատրաստ ըլլալու։ Ժասիկ æառահեան գրաւեց կնքամօր վերապահուած տեղը, ու նախքան երդման արարողութեան սկսիլը յիշեցուց, թէ իւրաքանչիւր նորագիր երդուելէ առաջ, պէ՛տք է ծանօթ ըլլայ կազմակերպութեան նպատակին, անդրադառնայ երդումի կարեւորութեան եւ իմանայ, թէ երդուիլ՝ կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ ՀՕՄի դաւանանքին։
Երդման արարողութենէն ետք, կնքամայրը շնորհաւորեց բոլորը իբրեւ ՀՕՄուհիներ եւ յաջողութիւն մաղթեց հայ ժողովուրդին ծառայելու իրենց նոր ուխտին մէջ։ Ան յայտնեց, թէ ասիկա չորրորդ անգամն է, որ ինք այս մասնաճիւղին կնքամայրը կ՛ըլլայ եւ կը հաւատայ, որ «եթէ արմատը լաւ ըլլայ, ծառը կ՛ապրի»:
Սեդա Դարբինեան, իր կարգին մասնաճիւղէն ներս բարի գալուստ մաղթեց նոր ՀՕՄուհիներուն եւ կոչ ըրաւ բոլորին՝ ՀՕՄին անդամագրուելու։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տնտեսական յանձնախումբին, որուն կը պարտէինք այդ օրուան յաջողութիւնը։
Տ. Միւռոն Ծ. վարդապետ իր խօսքը ուղղելով նոր ՀՕՄականներուն՝ զանոնք շնորհաւորեց, ապա բացատրեց պահոց իմաստը, որ որոշ զոհողութիւններու գինով հաւատացեալին մէջ կը զօրացնէ հաւատքը եւ սէրը Աստուծոյ հանդէպ։ Կապելով իր խօսքը երդման արարողութեան՝ ան ըսաւ, թէ երդուեալը Աստուծոյ տուած շնորհքներուն տէր պէտք է կանգնի եւ գործէ յանուն հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերուն։
Հայր սուրբը յայտնեց նաեւ, թէ սրահէն ներս ներկայ էր հարիւրամեայ հայ մայր մը՝ Սիրանոյշ Սուլահեանը, եւ թէ անոր տարեդարձին առիթով կ՛ուզէր զայն պատուել փոքր խաչով մը։
Ձեռնարկի ամբողջ տեւողութեան, մէջ ընդ մէջ, ներկաները վայելեցին հայկական երաժշտութիւնը. իսկ պաշտօնական յայտագիրէն ետք, «Լիլիա» պարի դպրոցը իր պարախումբով, հայկական սքանչելի պարերու շարք մը ներկայացուց՝ երկար ծափահարութիւններ խլելով ներկաներէն։ Ի վերջոյ, մանկատի ու պարման-պարմանուհիներու կշռուած ու գեղեցիկ շարժումներէն խանդավառուած՝ ՀՕՄականներ ու ներկաներ խառնուեցան պարողներուն։
Ձեռնարկի ընթացքին եղաւ լուր վիճակահանութիւն եւ եղան նուիրատուութիւններ՝ յօգուտ «Մեղրի» մասնաճիւղի ծրագիրներուն ու յանձնառութեանց։