ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկարամեայ ուսուցչուհի Սոնիա Առաքելեան, վերջերս Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ յաջողութեամբ պաշտպանած է իր աւարտաճառը՝ ստանալով իր դոկտորական կոչումը կրթական մարզի վարչական ճիւղին մէջ:
Ան կրթական տարբեր պաշտօններ ստանձնած է Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանին մէջ. վերջին չորս տարիներուն աշխատած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանէն ներս, նախ իբրեւ «Թոլ» միջնակարգ վարժարանի տնօրէնի օգնական, իսկ ներկայիս նոյն պաշտօնը կը վարէ «Ռուզվել»չ միջնակարգին մէջ: