
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի Խնամակալութեան ծրագիրի կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբը Ճին Պարսամի՝ ի յիշատակ իր սիրելի ամուսնոյն՝ Վարդգէս Պարսամի, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ «Elixir» եռեակի համերգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 25ի յետմիջօրէին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Խնամակալութեան ծրագիրի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց այս ծրագիրի կենսական առաքելութեան մասին: Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդը, ապա անդրադարձաւ հանգուցեալ Վարդգէս Պարսամի կատարած նուիրեալ ծառայութիւններուն եւ բարերարութիւններուն, եւ աւելցուց, թէ Ճին Պարսամ նոյն ոգիով եւ նուիրումով կը շարունակէ իր ծառայութիւններն ու բարերարութիւնը: Այս առթիւ առաջնորդը խորհրդանշական նուէր մը յանձնեց անոր:
«Elixir»ի յայտագիրը սքանչելի կերպով ներկայացուցին Սամուէլ Չիլինկարեանը (ջութակ), Լուսի Նարկիզեանը (դաշնակ) եւ Կարիկ Թէրզեանը (թաւջութակ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: