ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան Սուրբ Զատկուան առթիւ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութ;ան տօնը կը պատրաստուինք դիմաւորել սուրիական մեր հայրենիքի համար տագնապալի օրերու մէջ:
Մահուամբ մահը յաղթած եւ յարութեամբ մեզի կեանք շնորհած մեր Տիրոջ օրինակով, այսօր, յանուն սուրիահայութեան, խստօրէն կը դատապարտենք համայն Սուրիոյ տարածքին կատարուած ահաբեկչական արարքները եւ երկնային խաղաղութիւն կը հայցենք բանակային ու քաղաքային անմեղ նահատակներու հոգիներուն համար:
Որպէս յարգանք բոլոր նահատակներուն, Ս. Յարութեան տօնը որոշած ենք սահմանափակել եկեղեցական արարողութիւններով միայն, զանց առնելով շնորհաւորական եւ տօնախմբական բոլոր ցուցական երեւոյթները:
Մեր մաղթանքն է, որ հրաշափառ Յարութեան տօնը պայծառակերպէ համայն մարդկութեան հոգին ու միտքը, խաղաղեցնէ բոլորին ալեկոծած էութիւնը, սիրոյ, ներողամտութեան եւ հայրենասիրութեան շնորհով ողողէ բոլորը եւ պահէ Սուրիան ու սուրիացիները: