
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, պատասխանելով Ջաւախքի հայութեան օժանդակութիւններ տրամադրելու կապակցութեամբ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի մէկ հարցումին՝ պաշտօնապէս վերահաստատած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը «յատկանշական օժանդակութիւն» պիտի ցուցաբերէ Ջաւախքին:
Քլինթըն նշած է, որ Ամերիկայի «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» կազմակերպութեան միջոցով վերականգնուած է Թիֆլիսը Ջաւախքին կապող մօտաւորապէս 222 քլմ. հիմնական ճանապարհը, որուն նպատակն է գիւղատնտեսական արտադրանքի արտահանման միջոցով՝ տարածաշրջանին մէջ խթանել տնտեսութեան զարգացումը: Քլինթընի համաձայն՝ Ամերիկա նաեւ կը շարունակէ օժանդակութիւն ցուցաբերել անասնապահութեան, կաթնամթերքի վերամշակումներու, հողագործութեան, սեփական գործարարութեանց զարգացման եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն՝ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու միջոցով:
«Կը գնահատենք Ջաւախքի տնտեսական բարօրութեան աջակցելու նպատակով՝ քոնկրեսական Շըրմընի կատարած առաջարկը», կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ ամիս, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստի մը ընթացքին, Շըրմըն դիմած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) տնօրէն Ռաճիւ Շահին՝ æաւախքին յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու հարցով:
«Վրաստանի եւ յատկապէս Ջաւախքի մէջ մենք կ՛աշխատինք յատուկ ծրագիրներով, որոնք կը նպաստեն գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ ընկերային խնդիրներու լուծման: Մենք կը փորձենք այս ծրագիրները իրականացնել՝ խորհրդակցելով ամերիկահայ համայնքին հետ», ըսած էր Շահ:
Շըրմընի եւ Շահի միջեւ զրոյցը կարելի է դիտել http://youtu.be/uhrOd5LzpdA կայքէջէն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտ համագործակցութեան մէջ է քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմընի, Էտըմ Շիֆի եւ Ներկայացուցիչներու տան այլ անդամներու եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան շարք մը ներկայացուցիչներու հետ, Ջաւախքի հայութեան օժանդակութեան հարցով: