ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Յատուկ քննչական ծառայութիւնը հաստատեց «Առաւօտ»ի այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, արդարադատութեան նախարարութեան «Նուբարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Արարատ Մուրադխանեանի բողոքի հիման վրայ յարուցուած է քրէական գործ՝ նշեալ հիմնարկի բժշկական սպասարկման բաժինի պետ Գոռ Խաչատրեանի դէմ։ Ըստ ցմահ բանտարկուածին, բանտէն փախցնելու նպատակով ան մաս առ մաս Գոռ Խաչատրեանին տուած է 130 հազար տոլար: Սակայն Գ. Խաչատրեան իր խոստումը չէ յարգած եւ 30 հազար տոլար վերադարձուցած է բանտարկեալին։
Մուրադխանեանը դիմած էր նաեւ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն: