– Ապրիլ 5ին հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն՝ անցեալ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու առաջին դիմումը կատարողներուն թիւը 6000ով նուազած է՝ հասնելով 357,000ի, ինչ որ նուազագոյնն է Ապրիլ 2008էն ի վեր: Չորս շաբաթեայ միջինը եւս 4250ով նուազած է՝ իջնելով 361,750ի:
– Արժանթինի մէջ, Ֆոլքլենտի պատերազմի հարցով կատարուած ցոյցին մասնակիցները Ապրիլ 4ին քարկոծած են Բրիտանիոյ դեսպանատունը եւ այրած են Բրիտանիոյ դրօշը եւ գահաժառանգ Ուիլեըմի նկարը: