
Շուտով մէկ շաբաթը կը բոլորուի Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու նախընտրական պայքարին: Ընտրութիւններուն մասնակից բոլոր ուժերը արդէն հրապարակած են իրենց ընտրական ծրագիրները եւ աշխոյժ քարոզչական գործունէութեան լծուած՝ շրջելով մարզերը, հանդիպելով ընտրողներու հետ, բացատրելով իրենց ծրագիրներն ու յայտարարելով իրենց խոստումները:
Թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Սփիւռքի մէջ այս ընտրութիւններու բոլոր հետեւողներուն մտասեւեռումը, անշուշտ, ազատ, արդար, թափանցիկ ու առանց խարդախութիւններու քուէարկութիւնն է: Անցեալի դառն փորձառութիւնները եւ իշխող կուսակցութեան գլխաւոր դէմքերու ցարդ ցուցաբերած վերաբերմունքը մեծ յոյսեր չեն ներշնչեր բեկումնային տարբերութիւն ակնկալելու՝ ընտրութիւններու արդարութեան վերաբերեալ:
Այս կապակցութեամբ ամէնէն յուսալի երեւոյթը այն ճիգն է, զոր կը թափուի քանի մը կուսակցութիւններու կողմէ՝ միացեալ կերպով ընտրութիւններու ընթացքը վերահսկելու համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ:
Արդարեւ, իշխող միացեալ կառավարութեան անդամ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ՝ «Ժառանգութիւն»ը, Հայ Ազգային Կոնգրեսն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, նախնական քայլը առած են՝ վերահսկելու դրութիւն մը յառաջացնելու ուղղութեամբ, եւ արդէն իսկ երկու հանմդիպումներ ունեցած են՝ խորհրդակցելով մանրամասնութիւններու շուրջ:
Ինչպէս միջ-կուսակցական որեւէ նախաձեռնութիւն, մանաւանդ, երբ կողմերը նախապէս եւ երկար ժամանակ եղած են միշտ մրցակից ու նոյնիսկ հակառակորդ, այս բանակցութիւններն ալ դիւրին ու սահուն ճանապարհով յառաջ չեն կրնար երթալ: Իրարու հետ վերջնագիրներով խօսիլը, զիջումներ չկատարելու տրամադրութեամբ կողոք կողքի նստիլը ո՛չ մէկ արդիւնք կրնան երաշխաւորել, եւ այս շատ կարեւոր ծրագիրը կրնայ ձախողիլ:
Արդար ընտրութիւններու կարեւորութեան գիտակից որեւէ ուժ պէտք է անկարելին իսկ կարելի դարձնելու վճռականութեամբ մօտենայ այս բանակցութիւններուն: Թէ՛ Հայաստանի միջազգային վարկը, թէ՛ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութեանց դիրքերը, թէ՛ ներքին ճակատի վրայ Հայաստանի ժողովուրդին սեփական ապագան հայրենի հողին վրայ տեսնելու, կառուցելու ոգին, մեծապէս կախեալ է այս ընտրութիւններու ընթացքէն: Իսկապէս ռազմավարական նշանակութիւն ունի այս ընտրութիւններուն արդարութեան վարկանիշի ապահովումը, եւ միայն բարձրագոյն վարկանիշի ապահովումով կարելի է անցեալի աւերներէն ձերբազատուելու, ուժեղ պետութիւն կառուցելու ճանապարհը բանալ:
Այս հաստատումները կրկնուած ու վերահաստատուած են բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ: Հետեւաբար, վերահսկող համակարգ ստեղծելու առաջադրանքով քով քովի եկած բոլոր կուսակցութիւնները պատասխանատու պէտք է զգան այս բանակցութեանց բարեյաջող աւարտին: