Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ցնցղատապը (bronchitis) թոքերու ցնցուղներուն (bronchi) նեղնալն է, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենայ ներշնչումի եւ արտաշնչումի դժուարութիւն, այլ խօսքով օդի մուտքը դէպի թոքեր եւ ելքը թոքերէն դուրս կը նուազի:
Ցնցղատապը կը պատահի առանց սեռի եւ տարիքի խտրութեան ու բոլոր եղանակներուն, բայց առաւելաբար ծխողներուն մօտ եւ ձմրան եղանակին: Անիկա յաճախ տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Մօտաւորապէս ժողովուրդին 5 առ հարիւրը կը տառապի անկէ:
Ցնցղատապը կը յառաջանայ երկու տարբեր ախտապատճառ-ազդակներու ներգործութեամբ՝
Ա. Մանրէական ախտապատճառներ
ա. Հիմնական ախտապատճառներ.
Մանրէները կը յառաջացնեն ցնցուղներու բորբոքում, որոնք կրնան ըլլալ ցպկային (Bacterial) կամ ժահրային (viral) բորբոքումներ, սակայն ժահրայինը առաւելաբար տեսնուած երեւոյթն է: Մանրէները կը ներշնչուին քիթի կամ բերանի ճամբով եւ անցնելէ ետք խռչափողէն ու շնչափողէն կը հասնին ցնցուղներ:
Բորբոքումին հետեւանքով ցն-ցուղներուն ներքին պատերը կը հաստնան, ցնցուղները կը նեղնան եւ արգելք կը հանդիսանան բնականոն շնչառութեան:
Մանրէական ցնցղատապը ընդհանրապէս կը պատահի հարբուխէ, «կռիփ»է (influenza) եւ խոռոչատապէ (laryngitis) ետք:
բ. Երկրորդական ախտապատճառներ.
1. Տկար դիմադրողականութիւն, որ մասնաւորաբար կը տեսնուի տարեցներու, երկարատեւ-մնայուն հիւանդութիւններէ տառապողներու եւ ծխողներու մօտ: Տկար դիմադրողականութեան պատճառով անոնք շուտով թիրախ կը դառնան մանրէական բորբոքումներու:
2. Ստամոքսաորկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux), որ պատճառ կը դառնայ ստամոքսի թթուին մուտքը թոքերէն ներս: Ստամոքսի թթուն գրգռելով ցնցուղներուն ներքին պատերը կը յառաջացնէ անոնց բորբոքումը եւ նեղացումը.
Մանրէական ախտապատճաներով յառաջացած ցնցղատապը ժամանակաւոր եւ անցողակի է: Անիկա կրնայ փոխանցիկ ըլլալ:
Բ. Ոչ մանրէական ախտապատճառներ
ա. Ծխախոտի գործածութիւն եւ ծխախոտի երկրորդական-անուղղակի վնասներուն (secondary-indirect),
բ. Գրգռիչ կազեր եւ քիմիական նիւթեր, մանաւանդ գործարաններու մէջ,
գ. Փոշի եւ բեղմնափոշի (pollen)
դ. Ապականած (polluted) միջավայր եւ մթնոլորտ:
Այս ախտապատճառներով ցնցուղներու ներքին պատերը կը գրգռուին եւ կը յառաջացնեն ցնցուղներուն պրկումը եւ նեղացումը, որոնց պատճառով կը հաստատուի մնայուն ցնցղատապը:
Մանրէյական ցնցղատապը կը սկսի սուր երեւոյթով, որ կը տեւէ մօտաւորապէս երկու շաբաթ, ուր արդէն հիւանդը ապաքինած կ՛ըլլայ եւ ձեռբազատուած բոլոր ախտանշաններէն: Քիչ պարագաներուն, երբ սուր ցնցղատապը կատարեալ ամբողջական ձեւով չի դարմանուիր եւ մասնաւորաբար ծխախոտ գործածողներուն մօտ, սուր ցնցղատապը կը վերածուի մնայուն (chronic) երեւոյթի՝ հազով, խուխով եւ կրծքավանդակի ցաւով, որոնք առաւելաբար զգալի կը դառնան գիշերուան ժամերուն եւ պառկած վիճակի մէջ: Յաճախ հիւանդներ տարիներով կը տառապին մնայուն ցնցղատապէ: Սակայն երկարատեւ-մնայուն ցնցղատապի հիմնական պատճառը ծխախոտի գործածութիւնն է:
Սուր ցնցղատապի ախտանշաններն են՝ չոր կամ խուխով հազ, շնչասլոց (strider) եւ շնչարգելութիւն (dyspnea), ջերմ, դող, մկանային ցաւ, քիթի խցում, կրծքավանդակի եւ փորի մկանային ցաւ: Խուխը նշան է, որ բորբոքումը տարածուած է դէպի թոքերու ծայրամասերուն եւ անիկա ազդանշանն է թոքատապի սկզբնաւորութեան:
Ոչ-մանրէական եւ երկարատեւ ցնցղատապի պարագային խուխը կ՛ըլլայ անգոյն եւ թափանցիկ հեղուկ մը, իսկ բորբոքումի պարագային խուխը կը դառնայ անթափանց, դեղին կամ բաց կանաչ թանցր հեղուկ մը: Շատ քիչ պարագաներու կը տեսնուի արիւնոտ խուխ, որ նշան է մանրանօթերու (capillaries) վնասումին (trauma)՝ հազի պատճառով: æերմը ընդհանրապէս մեղմ է, մանաւանդ ոչ-մանրէական ցնցղատապի պարագային, իսկ բարձր ջերմ կը նշանակէ մանրէական զօրաւոր ցնցղատապ կամ թոքատապ: Հազը հակադարձութիւն մըն է արտահանելու համար խուխը: Իսկ չոր հազը հետեւանքն է ցնցուղներու մակերեսին գրգռութեան: Փորի մկանային ցաւը հետեւանքն է շարունակական եւ ուժգին հազի:
Մնայուն ցնցղատապի ախտանշաններն են՝
Ա. Մնայուն չոր կամ խուխով հազ, որ կը պատահի առաւելաբար առաւօտուն
Բ . Թանցր եւ դեղին-կանաչ խուխ
Գ. Խուխի դժուար արտահանում
Դ. Մնայուն շնչահեղձութիւն
Ե. Ոտքերու եւ սրունքներու ջրուռեցք (edema)
Զ. Կապտութիւն (cyanosis), որ հետեւանքն է արեան թթուածինի նուազումին
Է. Փքռոյց (emphysema) եւ թոքային այլ հիւանդութիւններ:
Մնայուն ցնցղատապը փոխանցիկ չէ, որովհետեւ այս պարագային մանրէներ գոյութիւն չունին:
Ցնցղատապի ախտաճանաչումը ընդհանրապէս դիւրին է, որովհետեւ անոր ախտանշանները յատկանշական են. սակայն բժիշկը կը կատարէ թոքերու Ք (K) ճառագայթային պարզ նկարահանում եւ յաճախ խուխի պարզ քննութիւն եւ խուխի ցան-մշակում (smear-culture):
Սուր ցնցաղատապը կը դարմանուի մի քանի միջոցառումներով համաձայն անոր ախտապատճառներուն: Բոլոր պարագաներուն կը կիրարկուին հետեւեալ դարմանամիջոցները՝
Ա. Ժամանակաւորապէս գործէ դադրիլ եւ տնային հանգիստի դիմել.
Բ. Հազը մեղմացնող դեղեր գործածել չոր հազի պարագային.
Գ. Հազացուցիչ դեղեր (expectorant) գործածել թանցր խուխի պարագային.
Դ. Շոգի ներշնչել (inhalation) խուխը կակուղցնելու համար.
Է. Տան մէջ խոնաւացուցիչ (humidifier զետեղել).
Զ. Հեռու մնալ փոշիէ եւ բեղմնափոշիէ.
Է. Դադրիլ ծխելէ, եթէ ծխախոտը ախտապատճառ է:
Ոչ-մանրէական ցնցղատապի պարագային գործածել նաեւ corticosteroid դեղահատեր եւ ցնցուղները ընդլայնող դեղամիջոցներ:
Մանրէական ցնցղատապէ տառապող հիւանդին պէտք է տրուի նաեւ հակամանրէական եւ հակաջերմ դեղեր:
Հազուադէպօրէն սուր ցնցղատապը բարդութիւններով կը զարգանայ շատ արագ եւ տեղի կ՛ունենայ խիստ շնչահեղձութիւն եւ կապտութիւն: Այս պարագային վերոյիշեալ բոլոր դարմանամիջոցներուն կողքին հիւանդը կը խնամուի հիւանդանոցի մէջ եւ անոր կը ներարկուի թթուածին արուեստական շնչառական սարքի (artificial respirator) միջոցաւ:
Մնայուն ցնցղատապէ տառապող անհատը շարունակ պէտք է գործածէ ցնցուղները ընդլայնող դեղամիջոցներ, corticosteroid եւ հակահազ դեղեր, ինչպէս նաեւ պէտք է դադրի ծխելէ՝ եթէ ծխող է:
Ցնցղատապէ ախտահարուած անհատը հիւանդանոցային շտապ օգնութեան կը կարօտի երբ ան ցուցաբերէ հետեւեալ ախտանշանները.
Ա. Ուժգին եւ շարունակական հազ հանգիստ վիճակի եւ քունի մէջ
Բ. Չորս օրերէ աւելի բարձր ջերմ
Գ. Խիստ եւ մնայուն շնչասպառութիւն
Դ. Մնայուն եւ ուժգին շնչասլոց
Է. Արիւնոտ խուխ:
Ոչ-մանրէական ցնցղատապը կանխարգիլելի է ուշադրութիւն ընելով հետեւեալ ցցմունքներուն.
Ա. Չծխել կամ դադրիլ ծխելէ եւ ծխողներէ հեռու մնալ.
Բ. Հեռու մնալ գրգռիչ կազերէ, քիմիական նիւթերէ եւ ապականած, խճողուած եւ խոնաւ միջավայրերէ.
Գ. Ամէն տարի պատուաստուիլ կռիփի դէմ յատուկ պատուաստով մը: