ԹԵՀՐԱՆ.- Կազմակերպութեամբ Իրանահայ գրողներու միութեան, 4 Մարտին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը Այնճարի մասին: Բանախօսն էր արձակագիր Մարտօ Մուսալեռցի (Սնապեան), որ եղած է Այնճարի առաջին բնակիչներէն մին:
Ան բացատրեց Այնճար բառին իմաստը, որ արաբերէնով կը նշանակէ «կուժի աղբիւր»՝ աւելցնելով, որ գիւղը իր անունը ստացած է այնտեղ հոսող նոյնանուն՝ Այնճար գետէն:
Այնճարը հիմնուած է 1939 թուականին, Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ, Արեւմտահայաստանի Մուսա Լերան շրջանի 7 գիւղերէն տարագրուած բնակչութեան համար: Զուտ հայաբնակ է անիկա, սակայն հոն կան որոշ թիւով արաբ բնակիչներ, որոնք կ՛ապրին վարձու բնակարաններու մէջ: Բնակչութիւնը կը զբաղի երկրագործութեամբ, այգեգործութեամբ, ոսկերչութեամբ եւ մեքենաներու նորոգութեամբ:
Քաղաքապետարանը եւ ոստիկանութիւնը ամբողջապէս կը գտնուին հայերու ձեռքը: Հայկական երեք յարանուանութիւնները հոն ունին իրենց եկեղեցիներն ու դպրոցները, իսկ Համազգայինը եւ ՀՄԸՄը ունին իրենց կեդրոնները:
Դասախօսը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Այնճարի աւանդական ու ազգագրական սովորութիւններուն, ինչպէս օրինակ՝ հարսանեկան հանդիսութիւններուն մասին, եւ զուգահեռներ գծեց անցեալի ու ներկայի իրավիճակներուն միջեւ՝ շեշտելով կրած ակնառու փոփոխութիւնները՝ աւանի արտաքին տեսքի եւ բնակչութեան կենցաղային պայմաններու տեսանկիւնէն: