
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Աւանդութիւն դարձած ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի թէյասեղան-հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 18ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ։ Փետրուար 17ի ամբողջ օրը, մինչեւ ուշ գիշեր, վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամները սկսած էին թէյասեղանի յատուկ նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնի զարդարանքին։
Թէյասեղաններու յարդարանքը յանձնախումբի անդամներուն պարտականութիւնն էր եւ իւրաքանչիւր անդամ ստանձնած էր սեղանի մը ձեւաւորումը։ Իւրաքանչիւր սեղան յատուկ էր իր տեսակին մէջ՝ տարբեր սպասներով, զանազան գոյներով եւ ձեւերով։
Հաճելի մթնոլորտ կը տիրէր սրահէն ներս. ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան, շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերուհիներ՝ զանազան տեղական մասնաճիւղերէ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ եւ «Թաւլեան» մանկապարտէզի ուսուցչուհիներ։ Յատուկ հիւրընկալութեամբ, յանձնախումբի անդամները առաջնորդեցին հիւրերը դէպի իրենց համապատասխան սեղանները։
Բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Մարալ Մաթոսեան: Ան գնահատեց ներկաները, որոնք յաճախ նեցուկ կը կանգնին մասնաճիւղիս կազմակերպած ձեռնարկներուն, որպէսզի մասնաճիւղս ալ, իր հերթին, կարենայ սատարել հայապահպահման, հայրենասիրական եւ օգնութեան կարիքը ունեցող հայ ժողովուրդի զաւակներուն, ո՛ւր ալ ըլլան անոնք։ Ան անդրադարձաւ, որ այս տարուան թէյասեղանը քիչ մը հայկականացած թէյասեղան մըն է՝ հայկական թէյերով, հայկական զարդարանքներով, ապա աւելի ուշ շեշտեց նուռի թէյի եւ ընդհանրապէս նուռի օգտակարութիւնը։
Հիւրասիրութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցան հաճելի անակնկալներ: Մասնաճիւղիս երկար տարիներու վաստակաւոր անդամներէն Նովա Հինտոյեան եւ Վարդուհի Սահակեան, ներկայացուցին երգով ու պարով խառն զաւեշտ մը՝ «Հարս ու Կեսուր»ը՝ վերակենդանացնելով մեր ժողովրդական ու աշուղական երգերը։ Զաւեշտի աւարտին ծափողջոյններուն տարափին տակ, ներկաները գնահատեցին ընկերուհիներուն անզուգական տաղանդները։
Վարչութեան հրաւէրով ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը՝ ընկերակցութեամբ պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեանի, որ խանդավարեց ներկաները իր հեզաճկուն պարերով եւ հրապուրիչ տարազներով։
Յայտագիրի աւարտին գնահատական եւ շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ վարչութեան ատենապետուհի դոկտ. Էմմա Օշական։
Չորեքշաբթի, Մարտ 14ին, դարձեալ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, խուռներամ եռուզեռը յատուկ ուշադրութիւն կը գրաւէր։ Այս անգամ Միջինքի ճաշկերոյթն էր, որ կազմակերպուած էր, կրկին մասնաճիւղիս վարչութեան ու ընկերային յանձնախումբին կողմէ։
Միջինքը տարիներու ընթացքին եղած է առաւելաբար հայ կնոջ ուշադրութեան առարկան։ Հայ կինն է, որ ջանք կը թափէ դարերու աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու բարքերը վերյիշելու, յարգելու եւ պահպանելու համար։ ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները, հաւատարիմ հայ կնոջ յանձնուած առաքելութեան՝ ամէն տարի քով քովի գալով կը պատրաստեն Միջինքի յատուկ համադամ ճաշեր։
Բարի գալուստի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Ընկերային յանձնախումբի ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան, որ գովասանքով անդրադարձաւ յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամի նուիրումին: «Ընկերուհիներու ձեռքերով պատրաստուած այս բացառիկ եւ համադամ կերակուրները, մեր պատմական աւանդութիւններու շաղախումն են, որ տարուէ տարի կը փոխանցուի մեզի, շատ աւելի համովցած եւ անուշցած», ըսաւ ան եւ մերթ ընդ մերթ, յայտագիրին մէջ բաժին ունեցաւ նաեւ իմաստուն խօսքերով եւ պատմուածքներով՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով Մեծ Պահքին կարեւորութիւնը։
Գեղարուեստական բաժինին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի աշակերտները՝ իրենց ուսուցչուհի Սօնա Պատալեանի առաջնորդութեամբ: Փոքրիկները ներկաներուն հրամցուցին խմբային արտասանութիւններ, Սաղմոս եւ հայկական պար, որոնք արժանացան յատուկ գնահատանքի։
Վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան փոխատենապետուհի Անահիտ Պողիկեան-Մանուկեան՝ քաջ գնահատելով կատարուած աշխատանքը։ Ընկերուհին նաեւ բացատրեց Միջինքի իմաստը: «Միջինքը, զգաստութեան ու ժուժկալ կեանք թելադրող Մեծ Պահքին կէս շրջանի ամբողջացած ըլլալն է, որ կը նկատուի նաեւ խնդութեան առիթ: Հայրենի գիւղերու մէջ այդ ժամանակաշրջանին, յետեկեղեցական արարողութեան յատուկ ուտելիքներով հայկական սեղաններ կը պատրաստուէին. նաեւ սովորութիւն եղած էր որ տարին անգամ մը՝ Միջինքին, աղջիկներ եւ նորահարսեր պարտէզներու մէջ ազատ, հաճելի ժամանակ անցընէին ու զուարճանային իրենց ընկերուհիներուն հետ», ըսաւ ան եւ եզրափակեց. «Մեր աւանդութիւնները գանձեր են, զորս պահպանելով պէտք է փոխանցել սերունդէ սերունդ. գանձեր կը փոխանցենք եւ գանձերուն ընդմէջէն՝ մեր դարաւոր պատմութիւնը»։
Զոյգ ձեռնարկներու ընթացքին տեղի ունեցան գոհարեղէններու վաճառք, վիճակահանութիւն, եւ եղան գնահատելի նուիրատուութիւններ։ Ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ հրաժեշտ տուին իրարու՝ դարձեալ հանդիպելու խոստումով։
Վերոյիշեալ ձեռնարկներուն յաջողութեան համար յատուկ շնորհակալական խօսք ունինք մասնաճիւղիս ընկերային յանձնախումբի անդամներուն, «Տի.Ճէյ.» Կերիին եւ յայտագիրին մասնակցողներուն։
(Թղթակցութիւնը՝ վարչութենէն)