Յակոբ Յակոբեանի Եղեռնեան Թեմայով Վէպը

Ցեղասպանութեան թեման իր ահագնութեամբ դեռ երկար ատեն դրոշմուած պիտի մնայ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան ու գիտակցութեան մէջ, առաւել եւս այն գրող արուեստագէտներուն մօտ, որոնք այդ թեմայով գրական կամ արուեստի գործեր ստեղծագործելու աշխատանքին լծուած են։ Այս վերջինները գիտակցութեամբ ամէն օր, ամէն րոպէ կը շալկեն իրենց ցեղին փշէպսակն ու կապարի ծանրութիւն առած խաչը, ու անտրտունջ կը կրեն զանոնք իրենց տարաբախտ նախնիներուն Գողգոթայի հետքերով։
Այս հաստատումը՝ բովանդակ իր տարողութեամբ, կը կատարենք Յակոբ Յակոբեանի ցեղասպանութեան թեմայով նոր հատորը ընթերցելէ ետք։ Արդարեւ, վերջին չորս-հինգ տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած զոյգ մը կարեւոր գործերու վրայ ճգնելով՝ ծանօթ ենք այդ անյեղլի իրողութեան։ Այո, վերջերս, Յ. Յակոբեանի եւ միւս հայ գրողներու նման, մարդկօրէն ապրեցայ ցեղիս արիւնոտ երթն ու անոր աւազախրումը Տէր Զօրի արիւնոտ ամայութիւններուն մէջ:
Քալիֆորնիահայ գրողներու միութեան վարչական ժողովին, նախագահ Գրիշ Դաւթեան գունագեղ կողքով գիրքեր երկարեց ինծի ու գրական քննադատ Գէորգ Քրիստինեանին, որպէսզի քանի մը օրէն զեկոյց ներկայացնէինք վարչական մեր ընկերներուն, եթէ ներկայ հատորը արժանիքը ունէր Գրողներու միութեան գուրգուրոտ ուշադրութեան արժանանալու, եւ հերթական մեր ժողովներէն մէկուն ընթացքին պրն. Յակոբեանին նոր գործը ներկայացնէինք լոսանճելըսահայ գրասէր հասարակութեան։
Որպէս Ամերիկայի տարածքին աշխուժօրէն գործող հայ գրողներու միակ միութիւնը՝ ստիպուած ենք լուրջի առնելու ու արդարացնել գրական շրջանակներու կողմէ մեր վրայ դրուած վստահութիւնը։ Մեր նպատակը «էլիթիզմ» խաղալ չէ, այլ՝ մակարդակ պահել…
Գրողին կողմէ մեզի նուիրուած գիրքի շապիկին գեղարուեստական ձեւաւորումը ուշադրութիւնս գրաւեց, եւ որպէս մոլեռանդ ընթերցող, չկրցայ վարչական ժողովի աւարտին սպասել ու ակամայ սկսայ թերթատելու «Լաւ Է Ուշ, Քան Երբեք» հատորը՝ ունկերս լարուած պահելով ժողովական ընկերներուս զեկոյցին։ Ապա սկսայ գիրքին շապիկը խուզարկելու։ Կնկայ նուրբ ձեռք մը, որուն մատներուն արանքը՝ իգական արծաթեայ վզնոց մը, որուն ծայրը՝ սիրտ մը կախուած…
Երբ «Ասպարէզ»ի բացառիկ թիւին համար պատրաստած աշխատասիրութիւնս աւարտեցի, սկսայ ընթերցելու Յակոբեանին հատորը՝ թելադրուած իմ լաւ բարեկամ երաժշտագէտ-գրող Հենրիկ Անասեանի «Ողջոյն»ի խանդավառ «խօսք»էն, համոզուած ըլլալով, որ Հենրիկի նման դժուարահաճ գրող մը դիւրաբեկ ճիւղերու վրայ պիտի չկոխէր ու անարժէք երկի մը վրայ շունչ պիտի չսպառէր՝ անոր խմբագրութիւնը ստանձնելով:
Քանի մը էջ ընթերցելէ ետք, պիտի անդրադառնայի, թէ հեղինակը անսեթեւեթ ոճով ու սահուն, մատչելի լեզուով ոդիսականը կը պատմէ հայուհիի մը, որ մինչեւ 65 տարեկան հասակը որպէս բարձրագոյն կրթութեամբ օժտուած ինքնագոհ ու հպարտ թրքուհի ապրելէ ետք, անոր մահամերձ թուրք մայրը, մահուան սնարին մէջէն իր որդեգիր դստեր կը բացայայտէ անոր հայկական ծագում ունենալը։ Թէ՝ ինչպէ՛ս երեք տարեկան հասակին զոյգ ծնողները հայկական արհաւիրքի ընթացքին կորսնցնելէ ետք, անչափահաս եղբայրներուն հետ ան սովահար, ուղեկորոյս ու ոտաբոպիկ կը դեգերէր լեռ ու ձոր, եւ երբ անոր եղբայրները կը փորձէին թուրք ամոլին բակը մտնելով՝ հոն եռացող կաթսային մէջէն «ղավուրմա»ի միսի կտորներ կորզել, յանկարծ այդ պահուն տանտէրը վրայ կը հասնէր եւ հինգ ու վեց տարու գողական որբերը խուճապի մատնուելով՝ իրենց երեք տարեկան քոյրը՝ Անին, ետին կը ձգէին եւ փախուստի կը դիմէին, ստուերի պէս անհետանալով անտառի խորութեան մէջ:
Բարեբախտաբար, խորապէս մարդկային ու ցարդ ամուլ մնալու դատապարտուած թուրք զոյգը, երեք տարու հրեշտականման հայ մանկիկը կը պահէ՝ որպէս Աստուծմէ ուղարկուած երկնային պարգեւ, եւ Կիւլն ու անոր վարժապետ ամուսինը՝ Թարեկ աղան, իրենց հարազատ զաւակին պէս կը գուրգուրան անոր ու որպէս զտարիւն թրքուհի կը դաստիարակեն զայն։ Աղջնակը, զոր Դենիզ կը կոչեն, բացառիկ իմացականութեամբ օժտուած ըլլալով՝ Թուրքիոյ համալսարանները պատուով աւարտելէ ետք, Անգլիա կ՛ուղղուի բարձրագոյն ուսումը շարունակելու, ու հետագային կը դառնայ հեղինակը անգլերէն լեզուով գրուած մասնագիտական գիրքերու:
Սակայն սիրոյ մէջ անբախտ դուրս կու գայ հէգ Դենիզը։ Արդարեւ օրիորդ «Ծովինար»ը, Օքսֆորտի համալսարանի շրջապատէն ներս կը սիրահարի անգլիացի երիտասարդի մը, որ Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին բրիտանական նաւատորմի սպայակոյտի շարքերուն միանալով՝ զոհը կը դառնայ նացիականութեան ու մարդակուլ միւս «ծով»ուն։
Ամբողջ կեանք մը որպէս թուրք ապրած ու թուրք հասարակութենէն, ինչպէս նաեւ պետական շրջանակներէն պատիւներու արժանացած վէպի հերոսուհին, բնական է, որ գրկաբաց խանդավառութեամբ չընդունէր հայկական իր ծագման լաւապէս պահուած գաղտնիքը։ Իր արմատներուն անսպասելի այս բացայայտումը կը խառնշտկէր զգացական իր աշխարհը, ու որպէս ճանչցուած դաստիարակ ու հեղինակ՝ ապագայի այնքա՛ն թանկ իր ծրագիրները։ Սակայն անկախ իր հոգեկան աշխարհը փոթորկող, իր հոգեկանը տակն ու վրայ ընող նեխած զգացումներուն, հետեւեալ երկխօսութիւնը տեղի կ՛ունենայ մահամերձ թուրք մօր եւ անոր անգիտակից զոհը հանդիսացող հայ որդեգիրին միջեւ.
– Աղջի՛կս, իմ միակ համովիկ աղջիկս, օրերս հաշուըւած են, պիտի հեռանամ այս աշխարհից, ուզում եմ իմանաս որոշ ճշմարտութիւն մեր ընտանիքի մութ անցեալից։ Մենք հօրդ հետ որոշեր էինք, որ ո՞վ վերջում կենդանի մնայ, ազնուօրէն բացայայտի ընտանիքի անցեալը։ Լաւ կը լինէր, որ հայրդ իր վրայ վերցնէր դժուարին այդ պարտականութիւնը, բայց աւա՛ղ, նա կեանքից յանկարծակի հեռացաւ ու այդ դժուարին գործը ինձ թողեց։
…Ալլահը թող ների մեզ, դո՛ւ էլ, աղջի՛կս, ներիր մեզ, որ երկար տարիներ լռել ենք այդ մասին, բայց այդպէս վարուեցինք՝ մտածելով քու ապագայի մասին. չէինք կրնար կործանել քո երազանքներդ ու ապագադ։
– Մայրի՛կ, ինչի՞ մասին է խօսքը, հանգստացի՛ր, ես անչափ ուրախ ու երջանիկ եմ ինձ զգում, որ ձեզ նման ազնիւ ու զոհաբերուող ծնողներ եմ ունեցել։ Հիմա ի՞նչն է քեզ տանջում, որ ուզում ես խոստովանել Ալլահի ու իմ առջեւ։
Մայրը սեղանի վրայի սեւ տուփը մատնացոյց ընելով՝ կը խնդրէ դուստրէն, որ բանայ տուփը, ու անոր մէջը զետեղուած տոպրակին ակնարկելով՝
– Տո՛ւր ինձ այդ տոպրակը աղջիկս,- կ՛ըսէ:
Մայրը վերցրեց տոպրակը, հանեց մի արծաթէ խամրած վզնոց, որի վրայ կախուած էր մի փոքրիկ սրտիկ։ Ուշադիր զննելուց յետոյ պարզեց Դենիզին, եւ աչքերը փակելով՝ լացակումաց ձայնով ասաց.
– Աղջի՛կս, այդ վզնոցը քոնն է։ Վզիցդ էր կախուած, երբ մենք գտանք քեզ, այսինքն, երբ անչափահաս եղբայրներդ քեզ թողուցին մեզ մօտ ու խուճապահար հեռացան։
Մայրը խոր յուզումով քիչ ետք կը շարունակէ.
– Դենիզ, զաւա՛կս, դա 1915թ. Սեպտեմբերի 16 էր, այսօրուան պէս յիշում եմ։ Ապրում էինք Նիքսար գիւղաքաղաքում, որը մօտ է Օրդուին. ես ծնուել ու մեծացել եմ այդտեղ։
– Սպասի՛ր, մայրի՛կ, ի՞նչ ես ասում, սա իմ վզնո՞ցն է եղել, եւ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չէք ասել ինձ այդ մասին։ Յետոյ դողդողալով՝ բացեց շղթայից կախուած սրտիկը եւ զննեց այն։ Մէջը ինչ որ փորագրութիւն կար եւ նշուած էր 1912։ Դենիզը ապշած մէկ նայում էր սրտիկին, մէկ էլ մօր ճերմկած դէմքին, եւ սպասում էր նրա յաջորդ բացատրութեանը։ Մայրը թուքը կուլ տալով՝ գլուխը կախ, մեծ դժուարութեամբ, առանց Դենիզին նայելու ասաց.
– Աղջի՛կս, ըստ այդ սրտիկին՝ դու ՀԱՅի ծնունդ ես, եւ քո անունը ԱՆԻ ՍԵՖԷՐԵԱՆ է:
Եւ այսպէս, շէյքսփիրեան տրամայի մը ահագնութեամբ կը շարունակուի վշտահար մօր եւ բոլորովին այլայլած աղջկան խոստովանանք-ողբը։
Որոշակի տատանումներէ ետք, Դենիզը՝ մեր Անին, կը ձեռնարկէ իր արմատներու յայտնագործման ու Պոլսոյ Պատրիարքարանի օգնութեամբ, կը յայտնաբերէ Եղեռնէն ճողոպրած իր եղբայրները։
Խորապէս յուզիչ այս ողբերգութեան երկայնքին փորձառու գրողի մը աչքերէն պիտի չվրիպէր զոյգ մը հազիւ նշմարելի զանցումներ, զորս ամէն նորեկ գրող անգիտակցաբար կը գործէ։
Հեղինակը չէ փորձած իր հերոսուհիին ապրած երկուութիւնը, ընդվզումը խորացումներու հասցնել՝ անոր մէկ կէսը միւսին դէմ հանելով եւ անոնց միջեւ ընդհարումն ու բախումը աւելի եւս սրելով, ինչ որ պիտի զօրացնէր վէպին կառոյցը ու զայն անխոցելի դարձնէր։ Վէպի երկայնքին սպրդած են նաեւ անտեղի, անհարկի աշխարհիկ երկխօսութիւներ, որոնք արդի վէպի հասկացողութեան հետ կարելի չէ հաշտեցնել։
Իսկ ուղղագրական սխալներուն պիտի չակնարկեմ, որովհետեւ համակարգչային ներկայ դարուս, յաճախ «ֆոն»չերու բախումին եւ զոյգ ուղղագրութիւններու քմահաճ կիրառման զոհ կ՛երթան երբեմն նոյնիսկ անսխալ համարուած երկեր։ Մասնաւորապէս Երեւանեան կարգ մը հրատարակչատուներ, յաճախ Սովետի օրերը փնտռել կու տան խեղճ հեղինակներուս՝ բոլորովին թափթփած, անհոգ մօտեցում ցոյց տալով հայ գիրքի անսխալ տպագրութեան հանդէպ, երբ ամէն մեղքիս, այս տարի «Գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» հռչակուեցաւ մեր սիրելի Երեւանը։ Մարդուս «ինթելեք»չը քայքայող «փարատոքս»-յարակարծութիւն…
Անկախ վերը նշուած անխուսափելի թերութիւններէն, Յակոբեանի «Լավ Է Ուշ, Քան Երբեք» վէպը հաճոյքով կարդացուող համոզիչ գործ մըն է, որ արժանի է վերախմբագրուած վիճակի մէջ օտար լեզուներու թարգմանուելու։