
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 12 Ապրիլի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իրa գրասենեակacին մէջ ընդունեց այցելութիւնը երաժշտական բնագաւառէն ներս միջազգային համբաւ վայելող երգչուհի Յասմիկ Պապեանը: Երգչուհիին կ՛ընկերանային Համազգայինի ու Բարեգործականի ներկայացուցիչներ:
Վեհափառ հայրապետը գնահատեց երգչուհիին 25ամեայ հարուստ վաստակը, եւ որպէս իր գնահատանքի ու օրհնութեան արտայայտութիւն՝ անոր նուիրեց հայկական ոճով պատրաստուած խաչ մը: Յայտնենք, որ 2004 թուականին, վեհափառը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր երգչուհին:
Յասմիկ Պապեան երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Վիեննա, Աւստրիա, եւ մնայուն ներկայութիւն դարձած է միջազգային բեմերու վրայ՝ իր մասնակցութիւնը բերելով համերգներու ու օփերաներու: Ան յաճախակի առիթներով այցելած է Հայաստան եւ ելոյթներ ունեցած է հոն:
Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլին Պապեան ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինին ու Բարեգործականին, եւ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը: