
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 12-14ին կայացած «Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի հարթակ» ծրագիրը հրապարակած է այն շարժապատկերային նախագիծը, որուն պիտի աջակցի այս տարի: Ընտրեալ ֆիլմը Տեւրիմ Աքայայի «Կեաւուրի թոռը. հայ պապս» ֆիլմն է. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Աքայայի ֆիլմը կը պատմէ ընտանիքի մը պատմութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութենէն մինչ մեր օրերը երկարող ժամանակաշրջնին: Բեմադրիչը նշած է, թէ ֆիլմը հայկական ծագումով իր ընտանիքին մասին է: Ան կ՛ըսէ, թէ իսլամացած իր ընտանիքը միշտ մեկուսացուած էր թուրք հասարակութենէն: «Պապս 1915 թուականին քիւրտ եւ ալաուի ընտանիքի մը կողմէ որդեգրուած էր: Իմ եւ պապիկիս միջեւ կապը այն է, որ երկուքս ալ առանձին կը զգանք, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն տպաւորութիւնը, որ ո՛չ մէկ կողմի կը պատկանինք: 1915 թուականի հետեւանքները կ՛ապրինք մինչ օրս», ըսած է Աքայա, որ տակաւին չէ գտած իր մեծ հօր գերեզմանը: