ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկութիւններ փոխանցեց Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման համար իր կազմակերպած ձեռնարկներուն մասին:
Յանձնաժողովը հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, թէ Պոլսոյ Էմինէօնիւ թաղամասին մէջ գտնուող Թուրք-իսլամ յուշարձաններու թանգարանին առջեւ պիտի ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան զոհերը. վայր մը, որ 1915ին գործածուած է իբրեւ բանտ՝ պոլսահայ մտաւորականներու համար: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ուղղեալ նամակները պիտի կարդացուին Թուրքիոյ հանրութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը յայտնուի, թէ ցուցարարները Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց գերեզմանը պիտի այցելեն, Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճիին յարգանքի տուրք մատուցելու համար: