
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Մոնփըլիէ քաղաքի Անատոլ Ֆրանսի անուան վարժարանին մէջ, աշխարհագրութիւն եւ պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչը աշակերտներուն ներկայացուած է ծաղրանկար մը, որ զայրացուցած է Ֆրանսայի թուրքերը:
Թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ ուսուցիչին ցոյց տուած ծաղրանկարին մէջ պատկերուած է պեխաւոր մարդ մը, որ կքած կը տանի մարդկային կմախքներով լեցուն պարկ մը, որուն վրայ գրուած է. «Թուրքիա», իսկ մարդկային կմախքներուն վրայ նշուած է «Հայկական Ցեղասպանութիւն»: Կմախքներով լեցուն պարկին կողքը կանգնած է մարդ մը՝ խորհրդանշելով Ֆրանսան, որ պարկէն հանած կը ցուցադրէ մարդկային գանկերէն մէկը: Ծաղրանկարի ձախ կողմին վրայ պատկերուած է լեռ մը, որուն գագաթին պարզուած է Եւրոմիութեան դրօշակը, որուն ուղղութեամբ կը յառաջանայ քանի մը հոգի եւ վլրոյիշեալ «Թուրքիա»ն:
Ուսուցիչը ցոյց տուած է ծաղրանկարը՝ հարց տալով, թէ աշակերտները ծաղրանկարէն ի՞նչ կը հասկանան, եւ ըստ ծաղրանկարին՝ Թուրքիան ինչո՞ւ չի կրնար դառնալ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ: Դասին ներկայ թուրք աշակերտները ընդվզած են եւ իրավիճակին մասին յայտնած են իրենց ծնողներուն: Աշակերտներու ծնողները յայտնած են, թէ ծաղրանկարին համար պիտի բողոքեն Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւն: