ՓԱՐԻԶ.- Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի կղերականաց դասը յայտարարութեամբ մը կը պարզէ Նիսի իրավիճակը, եւ անդրադառնալով վերջին զարգացումներուն՝ կը դատապարտէ որոշ երեւոյթներ:
Այսպէս, յայտարարութեան մէջ ըսուած է, թէ Ֆրանսայի թեմի կղերականները վրդոված եւ վիրաւորուած են ի տես հակակրօն այն արարքներուն, որոնք տեղի ունեցած են անցեալ սուրբ շաբթուան ընթացքին, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
«Հայց. առաքելական եկեղեցին ներկայացնելու իրաւունքէն զրկուած կարգ մը անձեր փիլոնազուրկ եղած քահանայ մը Ս. խորան բարձրացուցին՝ պատարագ մատուցանելու համար: Ատիկա ընելով՝ անոնք կը խաչեն Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Այնտեղ կը յայտնուի նաեւ, որ կարգ մը հաւատացեալներ, իրենց անգիտութեան պատճառով, ներկայ կ՛ըլլան այս արարքներուն եւ չեն համարձակիր իրենց ձայնը բարձրացնել նման սրբապղծութիւններու դէմ:
Աւարտին, նոյն յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի այս վերջիններուն, որ չխաբուին եւ զօրավիգ կանգնին Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կրօնական օրինաւոր իշխանութեանց վերադարձի գործընթացին: