ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) երաժշտական բաժանմունքի դոկտորական ուսանողներէն՝ դաշնակահար Ծովիկ Մարգարեան, Ապրիլ 22էն 29ի միջեւ պիտի ունենայ երեք մենակատարումներ, որոնց ընթացքին ան պիտի կատարէ նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն:
Ելոյթներէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Վալենսիոյ «ՔալԱրթս»ի «Ուայտ Պիս»թ սրահին մէջ, երկրորդը՝ Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Օրենճ գաւառի «Չեփմըն» համալսարանի «Սալմըն» սրահին մէջ, իսկ երրորդը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Նիւմըն» սրահին մէջ, Կիրակի, Ապրիլ 29ին, երեկոյեան ժամը 7ին: