ՀԱՅԿԱԶ ԹՐԹՌԵԱՆ

Գիտեմ, ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը գոհունակութեամբ պիտի չկարդայ հոս գրուածները, մանաւանդ ազգի ղեկավարութիւնը իրենց ուսերուն առած (երբեմն նոյնիսկ իրենց սեփականութիւնը նկատող) քաղաքական, կրօնական, մշակութային, հասարակական գործիչները, որոնք շատ յաճախ կամաւոր աշխատանք է որ կը տանին-թերեւս այդ իմաստով իրաւունք ալ ունին-ապերախտութիւն որակեն հոս յայտնուած մտքերը եւ առաջին թեթեւ հայացքով քանդիչ, նուազագոյնը ոչ կառուցողական (ինծի համար աննկարագիր բառ մը) գտնեն զանոնք:
Գիտեմ նաեւ, որ հանրային կեանքին մէջ յոռետեսութիւնը, դժգոհութիւնը երեւոյթները քննելու, դատելու ոչ օգտակար մօտեցումներ են: Ընդունուած, ընդհանրացած ձեւն է՝ գաւաթին պարապ մասը տեսնելու տեղ, լեցուն մասը տեսնելը աւելի շինիչ է ու օգտակար: Սակայն, եթէ տեւաբար այդ մօտեցումը ունենանք, կէս լեցուն մասը ժամանակի ընթացքին կը գոլորշիանայ, կը ցնդի ու գաւաթը կը պարպուի: Պէտք է տեւական գաւաթը լեցնելու եւ զայն միշտ լեցուն պահելու ճիգին մէջ ըլլալ:
Միայն երեք տարի ունինք հասնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձին, որ այնքան ճակատագրական, այնքան վճռորոշ է մեր ժողովուրդի ապագային, ամբողջ Սփիւռքի գոյութեան, մեր կորուսեալ հողերու վերատիրացման եւ արդարութեան վերականգնման եւ արդարութեան վերականգնման համար՝ իր բոլոր ստորաբաժանումներով: Միայն երեք տարի այնքան բազմակուտակ ու բազմաբնոյթ աշխատանքներուն համար:
Չոր իրականութիւնը այն է, որ մենք տակաւին ճամբայ չենք ելած: Այո, ես ալ գիտեմ, դուք ալ գիտէք, որ շուրջ տարի մը առաջ կազմուեցաւ Համահայկական Կեդրոնական յանձնախումբ մը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ, զոյգ կաթողիկոսներու, պետական այրերու եւ այլ շատ յարգելի անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Այո՛, յանձնախումբը կազմուեցաւ, բայց տարի մը անց ոչ մէկ հաղորդագրութիւն կամ գործ չեղաւ: Նախագահական հրամանագիրով նախարարներ, վարչապետներ գործէ կ՛արձակուին կամ կը հրաւիրուին, սակայն ազգին գործերը իրենց տեղէն չեն շարժիր: Միակ դրական եւ աւելի քան գնահատելի գործը որ կատարուեցաւ դարադարձին պատրաստուելու ուղղութեամբ, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառի կազմակերպած «Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ ճանաչումէն հատուցում» գիտաժողովն էր, որ միջազգային մակարդակ եւ որակ ունէր. նաեւ, դարձեալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերու ընթացքին, ի շարս այլ որոշումներու, Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու դասակարգումն էր: Ասկէ դուրս, ոչ մէկ գործնական քայլ: Երանի ես սխալած ըլլամ:
Որպէսզի կարելի ըլլայ ուղիղ ծրագրել, ընթացքի մէջ դնել գործը, պէտք է քննել մեր այսօրուան իրականութիւնը եւ ըստ այնմ դիրքորոշուիլ: Փխրուն պատուանդանի մը վրայ կարելի չէ մեծածաւալ ու ծանրակշիռ արձան զետեղել: Յենուինք իրականութիւններու վրայ, չտարուինք յոյսերով, երեւակայութեամբ ու վիպապաշտութեամբ, որպէսզի ապագային յուսախաբ չըլլանք:
Ամէնէն առաջ Հայաստանի իշխանութեան, քաղաքական խմբաւորումներու (մէջը ըլլալով նաեւ ՀՅԴն), կղերականութեան, մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն մօտ բացակայ է հոգեկան տագնապը, ջիղերու պրկումը, մտաւոր աշխարհի թռիչքներն ու պեղումները կապուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին աշխատանքներուն ու ապրումներուն, զորս պէտք է իրականացնել իբրեւ ճիտի պարտք, իբրեւ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու կտակ, իբրեւ պատմութեան առջեւ ամօթահար չմնալու գրաւական:

Նոյն պատկերն է նաեւ Սփիւռքի մէջ՝ բացի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութիւններէն: Քաղաքական ուժերը, որոնց գլխաւոր ներկայացուցիչը Հայ Դատն է, ընդունինք կամ ոչ, զբաղած է ու ամբողջութեամբ կլանուած է իր առօրեայ, ընթացիկ, այնքան կենսական ու անհրաժեշտ աշխատանքներով: Ազգային կուսակցութիւնները, Հայկական համագումարը, ՀԲԸՄը որ կը փորձէ բարեգործութեան հետ նաեւ քաղաքականութիւն ալ խաղալ, հայրենակցական միութիւնները, մշակութային ընկերակցութիւնները, անբողջ Սփիւռքի կրթական համակարգը իր շրջանաւարտից միութիւններով, մտաւորականութիւնը, իրաւաբանները ո՛չ Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձի տագնապը կ՛ապրին, ո՛չ հոգեկան խռովք կամ անհանգստութիւն ցոյց կու տան:
Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Սուզուող Նաւը» բանաստեղծութեան մէջ (հրատարակուած 1939ին, եթէ չեմ սխալիր), երբ հայ ժողովուրդը տակաւին ցիր ու ցան, կտոր-կտոր, Ցեղասպանութեան հարուածէն տակաւին շշմած, կեանքը կարենալ շարունակելու տուայտանքը կ՛ապրէր, հայ ժողովուրդը կը նմանցնէր «Առասպելականօրէն հսկայ ու Արարատին չափ խոշոր ցռկանաւու» մը, որ կը խրէր «պատմութեան աւազուտքին մէջ»: Ան կոչ կ՛ընէր իր սերունդին «թոքերն ընել առագաստ, ու աղիքներն՝ ընել պարան եւ նաւը տանիլ բաց ծովերուն»:
Այդ սերունդը, պատիւ իրեն, կատարեց իր պարտքը: Այսօր Ցռկանաւը բաց ծովերուն մէջ է, թէեւ ծովը շատ ալեկոծ, ունի անկախ զոյգ հանրապետութիւններ, նիւթական եւ մտային հսկայական ներուժ: Այսօրուան ղեկավարութիւնը ամէն հնարաւորութիւն ունի, եթէ պէտք եղած իմաստութիւնը, առաջնորդելու, միասնաբար աշխատելու, արհեստագիտական արդիական գիտելիքներով զինուած թարմ գաղափարներու տէր երիտասարդութիւնը իր շուրջ հաւաքելու եւ գործի լծելու (առանց իր աւանդական գործելաձեւերը անոնց պարտադրելու) շնորհքը ցոյց տայ, վստահ եմ որ կրնայ հրաշքներ գործել. կրնայ աշխարհին պարտադրել որ արդարութիւնը վերահաստատուի անցեալ դարուն առաջին ցեղասպանուած ժողովուրդին, ոչ միայն ճանաչումով, այլ նաեւ՝ բարոյական, նիւթական, հողային հատուցումով՝ իրենց մանրամասնութիւններով հանդերձ:
Փորձենք քիչ մը գործնականօրէն խորհրդածել ցեղասպանութեան Ա. դարադարձի աշխատանքներու մասին (Աստուած Բ. դարադարձին չհասցնէ գործը) հայ ժողովուրդը մինչ այդ պէտք է լուծած ըլլայ իր հարցերը եւ տիրացած իր իրաւունքներուն: Համահայկական Կեդրոնական յանձնախումբը թող մնայ իր տեղը, բայց թող ստանձնէ ոչ թէ ծրագրողի, այլ՝ համադրողի դերը: Ըստ իս, պէտք է կազմուին երկու կեդրոնական ենթայանձնախումբեր, իրարմէ անկախ, մէկը Սփիւռքի, միւսը՝ Հայաստանի ու նախկին սովետական սփիւռքին համար եւ իւրաքանչիւրը ունենայ իր ենթայանձնախումբերը, ըստ յարմարութեան:
Ինչ մեղքս պահեմ, եթէ հայ ժողովուրդի ընելիքները ծրագրողը Կեդրոնական յանձնախումբը ըլլայ, ես չեմ վստահիր հանրապետութեան նախագահին, որ նոյն ատեն Կեդր. յանձնախումբի նախագահն է, քաղաքական վարքագիծին, չեմ վստահիր անոր արտայայտութիւններու անկեղծութեան եւ պարկեշտութեան, այլապէս ան փոփոխամիտ է եւ յեղյեղուկ, որովհետեւ Ուիլսընի դամբանին առջեւ պահանջատիրական ճառ խօսող եւ Թուրքիոյ վրայէն անցած ատեն Կիւլին ողջոյններ ղրկողը նոյն նախագահն է: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ իբր սահմանագիծ Կարսի դաշնագրի տրամադրութիւնները ընդունողն ալ նոյն նախագահն է:
Վերջերս, Աբօ Պողիկեան իր «Օրը Օրին» սիւնակին մէջ, ակնարկելով Թուրքիոյ հայերը, մանաւանդ սփիւռքահայութիւնը սիրաշահելու շողոքորթող ու կեղծաւոր քաղաքականութիւն, վախնալով որ կը գտնուին սնապարծ հայեր, կը զգուշացնէր զանոնք թրքական թակարդին մէջ իյնալէ, որքան ալ իբր խայծ գործածուող պանիրը թարմ, բուրումնաւէտ ու ախորժագրգիռ ըլլայ: Մեր նախագահը, առանց խայծի, անսալով Արեւմուտքի յորդորներուն եւ մոռնալով հայութեան արմատական շահերը, ինկած է արդէն թակարդին մէջ եւ տարօրինակ կերպով, հակառակ հայութեան բոլոր յորդորներուն չ՛ուզեր ելլել անկէ: Այս օրերուն Թուրքիոյ վստահիլ կը նշանակէ քաղաքականապէս կոյր ըլլալ: Սուրիոյ օրինակը ամէնէն վերջին նմուշն է Թուրքիոյ վստահելուն: Պաշար Ասատն ալ վստահեցաւ Թուրքիոյ, նոյնիսկ Իսկենտերունի Սանճագը մոռցաւ, փոխարէն Թուրքիան չորս տարիէ ի վեր, Սուրիոյ նախագահին եւ անոր վարչակազմին յուղարկաւորութիւնը պատրաստեց:
Ամէն առիթով հայ ժողովուրդին բարեմաղթութիւններ ընելը հայ ժողովուրդին «արժանապատիւ» կեանք ապրելու միջոցներ ստեղծելը՝ ուրիշ բան: Ուղերձներով, շքանշաններ, դրամական նուէրներ բաշխելով կարելի չէ ժողովուրդին ընկերային վիճակը բարելաւուած համարել: Այն հանգամանքը, որ Հայաստանի բնակչութիւնը մեծամասնութեամբ, իր հողին կառչելու, իր երկիրը շէնցնելու փափաք չունի եւ պատրաստ է արտագաղթելու մեծագոյն փաստն է, որ այսօրուան վարչակարգը իր նախագահով հանդերձ ժողովուրդին տիրութիւն ընող, ժողովուրդին ցաւերով տառապողը չէ: Ցեղասպանութեան հետեւանքները դարմանելու մասին մտածելէ առաջ, նախագահը պէտք է մտածէ իր աչքին առջեւ կրկնուող ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու մասին: Ամէն մէկ հայ, որ կը ստիպուի Հայաստանը ձգել կարենալ ապրելու համար զոհն է նորօրեայ ու նորովի ցեղասպանութեան:
Թերեւս Ցեղասպանութեան դարադարձի աշխատանքներուն առաջինը պէտք է ըլլայ համոզել նախագահը, որ դադրի իր կամակորութենէն, հրաժարի արեւմտեան պետութիւններուն հաճելի ըլլալու սնափառութենէն եւ զբաղի իր ժողովուրդին «տարտերով», իր ժողովուրդի ներկայի ու ապագայի շահերու պաշտպանութեամբ, սակայն գործնապէս եւ ոչ լօզունգներով ու ծէսերով միայն:
Եթէ Ֆրանսան իր երեսփոխաններով, ծերակոյտով, Զուիցերիան իր օրէնսդրութեամբ ցեղասպանութիւնը ուրանալը պատժելի յանցանք կը նկատեն, ան, որ ցեղասպանութիւնը գործադրողին եւ ամէն գնով զայն ուրացողին բարի դրացնութեան ձեռք կ՛երկարէ, (այլ հարց, որ ձեռքը առնող չկայ) հակառակ 8-10 միլիոն հայրենակիցներու կամքին, Հայ Դատի արդար լուծման աշխատանքները ծրագրելուն մէջ չի կրնար վստահելի ըլլալ:
Այս հարցը համահայկական հարց մըն է, զոր կարելի է լուծել համահայկական ճիգերով ու զոհողութիւններով միայն: Այս խնդիրը օտար պետութեանց խնդիրը չէ, առաւելագոյն պարագային անոնք իրենց քաղաքական օրակարգի լուսանցքին վրայ կրնան պահել զայն, կրնան ձեռք մը երկարել մեզի: Մեզի համար այս հարցը մեր էութիւնն իսկ է, մեր ապագան. մանաւանդ սփիւռքի ըլլալ չըլլալու հարցը: Գալիք երեք տարիներուն պէտք է պատրաստ ըլլանք տալու ամէն ինչ, որ պահանջուի մեզմէ, նոյնիսկ պահանջուածէն ալ աւելի «գոյիւ չափ զկեանս մեր»: Պէտք է հաւատանք մեր գործին, մեր յաղթանակին: Վստահութիւն ունենանք մենք մեր վրայ:
Եթէ մեր առաջնորդները, մեր ղեկավարութիւնը կրցաւ ժողովուրդին վստահութիւնը շահիլ եւ վստահութիւն ներշնչել անոր, բանաստեղծին բառերով, «Արեգակներ կը շպրտեն երկինքն ի վեր, արեգակներ կը բերեն ցած»: