ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
1915ի Ցեղասպանութենէն ասդին, Ապրիլ 24ը մեզի՝ հայութեան համար զգեցած է յատուկ իմաստ ու նկարագիր, զոր եթէ ուզենք սեղմել երկու բառի մէջ, կ՛ունենանք ՀԱՅ ԴԱՏ հասկացութիւնը։
Մեր քաղաքական պայքարի դաշտին մէջ, այս երկու բառերը կը խորհրդանշեն այն բոլոր բաները, որոնք կ՛արտայայտեն մեր իրաւունքները, իսկ երբ ԻՐԱՒՈՒՆՔ կ՛ըսենք, մեր մտապատկերին մէջ գլխագիր տառերով կ՛արձանագրուին

Թուրքիոյ պետութեան գործած ահաւոր ոճիրին հետեւանքներուն դարմանումը՝ իր ամբողջական բովանդակութեամբ։ Թուրքիոյ դէմ Հայ Դատի հետապնդում կը նշանակէ՝
– Ցեղասպանութեան ճանաչում ոճրագործ պետութեան կողմէ, այսինքն խոստովանիլ, թէ պատմական ոճիրը կատարած է, վերջ տալ մատներու – եւ պաշտպան դաշնակիցներու – ետին պահուըտելու անվաղորդայն վարմունքին:
– Հատուցում կատարել հայութեան ու Հայաստանին, այսինքն՝ հայութեան վերադարձնել մեր այն հողերը, որոնք 1915էն առաջ ալ բռնագրաւուած էին, ու յիշեալ անկիւնադարձին ջարդերու ու բռնագաղթի հետեւանքով դատարկուեցան դարաւոր բնիկներէն, ապա նաեւ նիւթական հատուցում կատարել բոլոր այն վնասներուն համար, որոնք հետեւանք են Ցեղասպանութեան։ Այս պահանջը կ՛ընդգրկէ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան գինը, դարերու ընթացքին մեր հայրենի հողերուն վրայ ստեղծագործուած ու ահա աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր փոշիացուող ժառանգութեանց դիմաց փոխ-հատուցում, մէկ խօսքով, ամբողջական դարմանումը Իթթիհատական ոճրագործ խմբակին «սխրագործութեանց» հետեւանքներուն։
– Մեր հողային իրաւունքներուն ծիրը չէ սահմանափակուած միայն Արեւմտեան Հայաստանով, հետեւաբար, երբ կ՛ըսենք Հայ Դատ ու հողային իրաւունք, չենք կրնար մտահան ընել այն բոլոր հողերը, որոնք պատմականօրէն Հայաստանի ու Հայ ժողովուրդին կը պատկանէին, եւ մինչեւ օրս չեն մտած Հայաստանի ու ազատագրեալ Արցախի սահմաններուն մէջ։
Հայութեան այս պահանջները ոչ ցնորք են, ոչ ալ երեւակայածին կամ երազային. Թուրքիա ու զայն պաշտպանող-հովանաւորողները կրնան նման որակումներ կատարել մեր արդար պահանջներուն մասին, մինչեւ իսկ քաղաքական ժամանակաւոր շահերով տարուած հայեր կրնան յայտարարել, որ պէտք է Թուրքիոյ պահանջած զիջումները կատարենք ու բանանք բարի դրացնութեան էջը, պատմութեան տխուր էջերը դարձնենք։ Սակայն պէտք է կրկին ու կրկին վերահաստատել եւ ուխտել, քաղաքական մեր կամքին մէջ օր աւուր ամրագրել, որ Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան էջը չի կրնար բացուիլ Ոճիրին անհատոյց մնալով, ահաւոր վէրքը բաց թողելով, միայն այսօրուան ու վաղուան հաշիւը ընելով՝ նիւթական շահեր հալածելով. որովհետեւ առանց արդարութեան՝ բարի դրացնութեան որեւէ հիմ կը մնայ խախուտ։
Այլ խօսքով, մենք պիտի չըլլանք մեր Դատին հիմնաքարերը խախտողը, մեր քաղաքական հաւատամքին մէջէն դուրս պիտի չձգենք Թուրքիայէն մեր բազմերես պահանջները, մինչեւ իսկ եթէ պատմական պահը երէկ, այսօր ու թերեւս մօտիկ ապագային ալ խուսանաւելու հարկադրանքին դիմաց դնէ մեզ։ Ցեղասպանութեան ոճրագործներուն շանթահարման սխրանքները միայն մէկ արտայայտութիւնն էին արդար հատուցման մեր պահանջին։ Թուրքէն մեր պահանջատիրութեան հաշիւներու տոմարը կը մնայ բաց, պիտի մնա՛յ բաց, մինչեւ լիակատար հատուցում։ Այս կամքէն մեզ չեն կրնար հեռացնել ոչ հուրը, ոչ խարդաւանանքները, եւ ոչ ալ ինքնալքումով տարուած հայանունները…
***

Վերի մտածումները նորութիւն չեն, այս մասին մեր յանձնառութիւնը կը հաստատենք ու կը վերահաստատենք ամէն տարի, այս կամքն ու պահանջատիրութիւնը փոխանցելով նոր հասնող սերունդներուն, որոնք կու գան միանալու պահանջատիրական դրօշարշաւին։
Նորութիւն չէ, սակայն երբեմն շուքի մէջ մնացող իրականութիւն է, որ մեր Դատը (անցեալին ծանօթ՝ նաեւ Հայկական Հարց եզրով) չէ սկսած 1915ի Ցեղասպանութեամբ ու մեր իրաւունքներու թղթածրարը չի սահմանափակուիր քսաներորդ դարու երկրորդ տասնամեակին տեղի ունեցած Մեծ Ոճիրին առնչուող հարցերով։
Որքան ալ համապարփակ ըլլան Թուրքիոյ դիմաց դրուած մեր պահանջները, Հայկական Հարց, կամ Հայ Դատ հասկացութիւնը կը վերաբերի իրաւունքի ու ժամանակի աւելի լայն տարածքի մը, որ իր մէջ կ՛առնէ բոլոր այն տասնամեակները, երբ մեր ժողովուրդը հեռու պահուած էր իր տարրական իրաւուքներէն. այն դարաշրջանները, երբ հայութեան զլացուած են իր սեփական հողին վրայ ազատ ապրելու, ազատօրէն ստեղծագործելու, աճելու եւ բազմաճիւղ զարգացում ապրելու իրաւունքները, անոնք դրուած ըլլան մարդկային, քաղաքական թէ այլ խորագիրներու տակ։
Փաստօրէն, տասնիններորդ դարէն առաջ իսկ ծայր տուած պայքարը մօտաւորապէս 150-160 տարի առաջ թեւակոխեց անդառնալի Զարթօնքի եւ իրաւունքներու հետապնդման փուլը, իրեն հետ բերելով տաք ու պաղ ալիքներ, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տարածելով արդարութեան ու իրաւունքի այնպիսի գաղափարներ ու երանգներ, որոնք մինչեւ այսօր ալ կը մնան անսակարկելի առաջադրանքներ։
Եթէ արագ ակնարկով մը վերադառնանք մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ու հետապնդման սկզբնական փուլերուն, գոնէ ետ երթանք մինչեւ տասնիններորդ դարու երկրորդ կէսերը, պիտի յիշենք, որ Հայկական Հարց ըսելով՝ կը հասկցուէր գլխաւորաբար Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ հայութեան մարդկային ու քաղաքացիական տարրական իրաւունքները, ըստ էութեան՝ կեանքի ապահովութիւն, ինչքի ու ընտանիքի անվտանգութիւն, ապա նաեւ՝ քաղաքացիական որոշ իրաւունքներ, խտրականութեան ու անհաւասարութեան դարմանում եւայլն։ Ճիշդ է, որ Իսրայէլ Օրիի օրերէն սկսեալ, այսինքն՝ տասնեօթներորդ դարէն ի վեր կար հայկական հողերու վրայ դարեր առաջ կորսուած անկախ պետութեան վերականգնումի ձգտումը, սակայն անկախ պետութեան քաղաքական առաջադրանքը ամրագրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումէն ետք, շուտով համալրուելու համար Ազատ, Անկախ ու ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի քաղաքական ծրագիրի տարազումով, առաջադրանք՝ որ մինչեւ օրս ալ ամուր նստած է հայութեան, եւ ո՛չ միայն Դաշնակցութեան քաղաքական հաւատամքին մէջ։
Մեր ժողովուրդի մարդկային տարրական իրաւունքներուն հետապնդումն ու այդ նպատակով հետզհետէ ծաւալ եւ դիմագիծ ստացած պայքարը, չմոռնանք, իր հողին վրայ ապրող հայութեան մարդկային ու ազգային իրաւունքներուն հարցն էր նախ եւ առաջ, այս գիծը անփոփոխ մնաց յաջորդ բոլոր փուլերուն, կարկինը տարածելով նաե՛ւ ցարական կայսրութեան տակ ճնշուած հայութեան վրայ։ Եթէ միայն յիշատակենք, որ քսաներորդ դարու առաջին տարիներուն, երբ հայութեան ուսումնարաններուն ու եկեղեցապատկան, այլ խօսքով՝ ազգային կալուածներուն վերեւ օր մըն ալ ռուսական «Դամոկլեան Սուր» կախուեցաւ, նոյնինքն Խրիմեան Հայրիկը, որ նախընթաց տասնամեակներուն դարձած էր Օսմանեան լուծին տակ կքած հայութեան ողնայարը շտկող առաջնորդներէն մէկը, նոյն հաստատակամութեամբ պաշտպան կանգնեցաւ Արեւելեան Հայաստանի հայութեան մարդկային ու ազգային-մշակութային ինքնուրոյն իրաւունքներուն։
***
Հայ Դատ հասկացութեան այսպիսի համապարփակ տարազում այսօր ալ գոյութիւն ունի, Թուրքիոյ նկատմամբ մեր պահանջատիրութեան, Հայաստանի մէջ ապրող թէ աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան քաղաքական, ազգային-մշակութային, քաղաքացիական ու մարդկային իրաւունքներու իր երեսներով։ Կրկնենք, սա նորութիւն չէ. թէեւ Ապրիլ 24ն ու Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դարմանումը առհասարակ եղած են ու արդարօրէն կը մնան գերակշիռ, սակայն մեր բազմաճիւղ պայքարի «քարտէս»ին մէջ հին-այժմէական միւս գիծերը կարելի չէ աչքաթող ընել, որովհետեւ երբ Դատ կը հետապնդենք, ի վերջոյ չենք կրնար մտահան ընել շարք մը նախադրեալներ ու հիմքեր, որոնք նոյնքա՛ն կարեւոր են մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գոյատեւման համար, որքան գրաւեալ հողերուն վերադարձն ու անտեսուած հատուցման իրականացումը։
Թուելու կարգով ու հակիրճ բացատրականներով արձանագրենք մեր Դատին մէկ քանի երեսները, բացատրելու համար, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք համապարփակ Դատ բացատրութեամբ։
Կրկնենք. առանց մոռնալու կամ տկարացնելու Թուրքիայէն մեր պահանջներուն թղթածրարը, այսօր մենք դէմ յանդիման ենք մեր ժողովուրդի այլ իրաւուքներուն նսեմացման ու տրորումին, ըլլա՛յ աշխարհի ծանօթ պայմաններուն անհաճոյ պարտադրանքներուն բերումով, ըլլա՛յ մեր իսկ ձեռքով «մեր ոտքին կրակելու» արարքներով։ Նման վիճակներ կը դիմագրաւենք Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան, որոշ չափով՝ Արցախի, ապա նաեւ Արտերկրի օճախներուն մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆի մէջ, մեր ժողովուրդի Դատին տեսանկիւնէն, պայքար ունինք ստեղծուած այլանդակ կացութիւններուն դէմ։ Հայրենիք կերտելու փոխարէն, հայրենիքի քանդում տեղի կ՛ունենայ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, իսկ այդ քանդումէն բարձրացող փոշին կը մշուշէ անկումին ամբողջական պատկերը, քաղաքական բեմին վրայ գլխաւոր «զարգացում» ձգելով… ընտրական խաղն ու մասնակի շահերով մղում առած սահմանափակ շինարարութիւնն ու անով ներկայացուող բարեփոխութիւնը։ Փոխանակ երկրի բոլոր շրջաններու զուգահեռ ու համաչափ զարգացման ծրագիրներ մշակելու եւ կիրարկելու, իշխանաւորներն ու քաղաքական բեմի դերակատարներուն մեծ մասը տարուած են «շուկայական» տրամաբանութեամբ, որ մեր հայրենիքը արագօրէն նետեց սակաւապետներու քմայքներուն ենթակայ կացութեան մէջ։ Սեփական հողին վրայ գործելու, զարգանալու եւ արմատաւորուելու հայութեան իրաւունքը խախտած է, անտեսուած է այս դատը, ու ցանկալի հաւասարակշռութիւններ կորսուած են։ Երեւանն ու զայն ռուսական, եւրոպական ու ամերիկեան ոստաններու մրցունակ դարձնելու մոլուցքով տարուած վերնախաւ մը ընթացք տուած է «զարգացումի» այնպիսի հոլովոյթի մը, որ միւս քաղաքներն ու մանաւանդ երկրագործութեան հիմը հանդիսացող ԳԻՒՂԸ դարձուցած են իմաստազուրկ ու արժեզրկած են զանոնք, մինչդեռ երկրի մը զարգացման, տնտեսական բարօրութեան ու համաչափ բարգաւաճման մէջ քաղաք-գիւղ գործակցութիւնը միշտ ալ կենսական եղած են (չկարծէք, որ այս տողերը Երեւանը զարգացումէ ետ պահելու միտումով կ՛արձանագրենք. բացարձակապէս ո՛չ, այլ կ՛ուզենք լուսարձակի տակ բերել երկրի բոլոր շրջաններուն ժողովուրիդն դատը, բարգաւաճման տարրական իրաւունքը)։

Ընկերային արդարութիւն հասկացութիւնը քաղաքական խմբաւորումներու բերնին ծամոցը դարձած է, ու ժողովուրդը անոր կը սպասէ այն գորտին պէս, որուն աչքը դուրս կու գայ ջուր տեսնելէ առաջ։ Բայց… ո՜չ. ժողովուրդին աչքը դուրս չի գար գորտին պէս, այլ ժողովուրդին աչքը դէպի դուրս կը հայի. ժողովուրդը կը թողու հայրենիքը, սեփական տունն ու գիւղը, տարուելով այլօրինակ ցնորքներով, «Դուրսը ամէն բան լաւ է, Հայաստանի մէջ հաց չունինք այլեւս» սին տրամաբանութեան գերին դառնալով։ Սեփական հայրենիքին մէջ ապրելու, ստեղծագործելու, աշխատելու եւ ապրուստ ապահովելու ԻՐԱՒՈՒՆՔԷՆ զրկուած են զանգուածներ. հայրենիքը դարձած է որոշ խաւի մը մենաշնորհը, եւ ինչպէս խորհրդային տարիներուն, ահա նաեւ այսօր, որոշ «ղեկավարներ» ստեղծած են «հաւատարիմ հետեւորդներու դասակարգեր», անոնց համար ստեղծելով սնամէջ բարօրութեան ու յղփացումի դրութիւն։ Անդին, գիտնական ու արուեստագէտ, մտաւորական, արհեստագէտ ու աշխատող ձեռքեր հեւ ի հեւ մրցումի մէջ են հայրենալքումի ճամբուն վրայ։ Խորհրդային տարիներու ապազգայնացնող մթնոլորտը իր տեղը զիջած է այլանդակ համաշխարհայնացումին. ինչպէս Հայաստանի ճակատագրակից այլ երկիրներու ժողովուրդներ, նոյնպէս ալ հայրենաբնակ հայը նոր հագուստի պէս կը հագուի այն «գաղափարները», ըստ որոնց, պէտք է երթալ հոն՝ ուր կրնաս բարօր կեանք ու հաճելի ապրուստ ապահովել, անիկա ըլլայ Ռուսիա, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ, Եւրոպա, Ամերիկաներ, մինչեւ անգամ… Թուրքիա (որպէսզի օր մըն ալ Թուրքիա սպառնայ, թէ իր հանդուրժողութիւնը կրնայ սպառիլ ու իր հողերուն վրայ ապրուստ ճարելու եկած հայաստանցիները կրնայ արտաքսել…)։
Ընկերային տարրական իրաւունքներէ զրկուած զանգուածը, ի՜նչ խօսք, բնականաբար ու հետեւաբար կը զրկուի նաեւ քաղաքական-քաղաքացիական իրաւունքներէ։ Հայրենիքի մը բնակիչին համար տարրական իրաւունքներու պատկերացումն ու փորձառութիւնը ձեռք բերելէ առաջ, անոր արդէն իսկ պարտադրուած է, դրամով կամ այլ միջոցներու ճամբով, քուէ տալու անոր, որ խոստումներով, կամ՝ ժամանակաւոր «բարիքներով» կը խոստանայ բաւարարել զինք։ Եւ այս բոլորը կը կատարուին ժողովրդավարութեան պիտակին տակ։ Ժողովրդավարութիւնը, իսկակա՛ն ժողովրդավարութիւնը, այսինքն՝ արդի աշխարհի մարդկութեան համար միայն բարիք խոստացող դրութիւնը կ՛աղճատուի, կ՛իմաստազրկուի, կը դառնայ ատելի խաղալիք, նման Ընկերվարութեան գաղափարներուն, որոնք անցեալ դարուն աղճատումի ենթարկուեցան համայնավարութեան անունին կապուելով, ու այսօր, մարդիկ չեն ուզեր Ընկերվարութիւն անունը լսել, որովհետեւ զայն համազօր կը նկատեն Համայնավարութեան ու անոր սխալ կիրարկումին։
Ահաւասիկ այս ու նմանօրինակ ողբերգութիւններու դիմաց, ու «գլխուն ճարը տեսնելու» բնական մղումով, Հայաստանի զաւակները գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը լքեն իրենց տարրական իրաւունքը, դատը, կը լքեն հայրենի հողերը, մինչդեռ անցեալ տասնամեակներուն ու դարերուն, նոյնքան ու աւելի դաժան ճնշումներու տակ ժողովուրդը դիմացած է ու տոկացած, վերապրած է սեփական հողի վրայ, ստեղծագործած է ու փորձած է բնակչութեան աճ ապահովել։
Այսօր, յաճախ դառնութեամբ կ՛արձագանգենք իրարու. ի՜նչ դատի մասին է խօսքը, երբ երկիրն ու բնակիչները կ՛երթան դէպի նօսրացում, հողահաւաքի համար կենսական եղող բնակչութեան աճի փոխարէն, Հայաստանը տեղ կը բանայ հաւանական եկուորներու, եւ ահա մեր հայրենիքը, իր իսկ զաւակներուն ու «իմաստո՜ւն» վարիչներուն ձեռքով, վերստին կրնայ մտնել «Հայաստանը առանց Հայու» այն դաւադիր ծրագիրներուն ոլորտը, որ ատենօք դարբնուած էր օտար գերիշխողներու կողմէ։
ԱՐՏԵՐԿՐԻ մէջ, հայութեան տարրական իրաւունքները այլապէս աղճատումի ու նօսրացումի կ՛ենթարկուին, մերթ «արտաքին» գործօններու ազդեցութեամբ, այսօրուան նորութեան՝ համաշխարհայնացումի ազդակներ խորագիրին տակ, սակայն նոյնքան մըն ալ մեր հաւաքական անտարբերութեան հետեւանքով, անուանական հայապահպանումի եւ իրաւատիրութեան շպարին տակ։

Այո. արհամարհելի չեն այն խորշակները, որոնք պատճառ դարձան ու կը մնան՝ միջին արեւելեան մեր օճախներուն մաշումին, սակայն եկէք, խոստովանինք, որ հայրենամերձ թէ հեռակայ օճախներու մէջ, ինքնալքումի «դրօշարշաւները» հետզհետէ ծաւալ կը ստանան մակերեսային յանձնառութիւններու անուան տակ։ Հոս, մեր դատը արդէն կը ներկայանայ բոլորովին տարբեր խորագիրներու տակ, սակայն առանց անջատուելու մեր ամբողջական Դատէն, այսինքն՝ գոյատեւելու, սեփական դիմագիծը պահպանելու եւ մանաւանդ բնական աճ ապահովելու մեր իրաւունքէն։
Մանրամասնենք. մեր մշակոյթին ու լեզուին պահպանումը կարեւոր ու անսակարկելի մասնիկներն են մեր ամբողջական դատին, ու հոս արդէն թուրքի կամ ազերիի հարց չկայ, այլ կայ խաբուսիկ «նորարարութիւն»ներով տարուելու, մենք զմեզ չքմեղելու, ողոքելու «տրամաբանութիւնը»։ Տարուէ տարի ու տասնամեակէ տասնամեակ, մեր ժողովուրդին զանգուածը իր կապերը կը թուլացնէ մեր մշակոյթին ու լեզուին հետ, որոնք խորքին մէջ պորտակապ են ու երաշխիք՝ ՀԱՅուն գոյատեւման։ Իսկ կարելի՞ է Դատի բաղկացուցիչ միւս մասնիկներուն մասին խօսիլ, եթէ ժողովուրդը մնայ այս առումով նահանջի ու ինքնակորստեան ճամբուն մէջ։
Անմիջապէս ըսենք, որ այս ողբերգութեան անմասն չէ հայրենի հայութիւնը, սակայն հոն, տակաւին կայ հողին վրայ ըլլալու առաւելութիւնը, որքան ալ որ օտարաբանութիւններով ծանրաբեռնեալ ըլլան ղեկավարներու, նախարարներու, մտաւորականներու թէ հասարակ մահկանացուներու խօսակցական լեզուն (չենք արդարացներ, այլ կը մատնանշենք իրողական վիճակն ու բաղդատականը)։
Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի, բարձրագոյն մակարդակի վրայ մեր դատի այս երեսին նկատմամբ նախանձախնդրութիւնն ու ճիշդ գործելու առաջադրանքը ներկայ են, ո՛չ մէկ խօսք այդ մասին. սակայն ողբերգական իրականութիւնները կը դառնան աւելի գերակշռող, այս կալուածին մէջ դատը կը մատնուի հետեւողական նահանջի։ Ու ահազանգող հարցումը անգամ մը եւս կը կրկնուի. ի՞նչ Դատի մասին է խօսքը, երբ հայութեան թուական պատկերը կը նահանջէ հայրենալքումի ալիքներուն զուգահեռ…։
Պէ՞տք է կրկնել ու մրճահարել այն հարցումը, թէ՝ դուրսէն կատարուած կոտորածնե՞րը աւելի մեծ թիւով զոհ պատճառած են մեզի, թէ դարերու, նա՛եւ վերջին մէկ-երկու դարերուն տեղի ունեցած մաշումը՝ օտարացումի, ձուլումի ու նման նահանջներու ճամբով։ Ի վերջոյ, սեփական մշակոյթէն ու լեզուի պահպանումէն զրկուիլը, ինքնազրկումը նո՛յնքան մտահոգիչ զարգացումներ չե՞ն արդեօք մեր Դատին դիտանկիւնէն։
Նման մտահոգութիւններ արտայայտելը, անոնց ձայնակից ըլլալը բաւարար չէ, աւելի կարեւորը՝ մեր Դատի արտաքին ու ներքին այս ոլորտներուն դիմաց դարմանողի, գործնակա՛ն դարմանողի ընթացք որդեգրելն է։
***
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու, տակաւին, մեզմէ հող խլած դրացիներու հանդէպ պահանջատէր մնալն ու գործնական պայքարի միջոցները կենսական են, սակայն իրաւունք չունինք ջայլամի կեցուածք պահելու մեր Դատին «ներքին» ոլորտներուն նկատմամբ, որովհետեւ Դատին հիմքն ու անոր հետապնդման ենթահողը՝ նոյնինքն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆ ու ԱՄԲՈՂæԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆՔԻՆ են։
Այս ըմբռնումը է՛ ու պիտի մնայ մեր ազգային քաղաքականութեան ամէնէն հիմնական ու կենսական գիծերէն մէկը։ Հայրենի հողէն զանգուածին հեռացումը, արտերկրի մէջ ձուլումի ու հայալքումի հոսանքներուն անսանձ մնալը նոյնքան ուժգին հարուածներ կու տան մեր ամբողջական իրաւուքներուն՝ Դատին, որքան, ըսենք, յայտարարութիւնը՝ թէ վերջ կու տանք Ցեղասպանէն ու այլ բռնագրաւողներէ մեր իրաւունքներու հետապնդման երթին։
Եթէ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը կը հանդիսանայ մեր քաղաքական առաջադրանքներուն գլխաւոր խորագիրը, իրաւունք չունինք արհամարհելու կամ լուսանցքի պատուհանէն դիտելու մեր Դատին «ներքին» այն երեսները, որոնց հետապնդումն ու դարմանումը բացարձակապէս կախեալ է մեզմէ, հայութեան բոլոր զաւակներէն, անոնք ըլլան պետական ու այլ պատասխանատուներ, ղեկավարներ, միութենականներ, ծնողներ ու նորահաս սերունդներ։ Այս ծիրին մէջ, երէցին չափ կարեւոր է նորահասին ինքնագիտակցութեան ու յանձնառութեան խորացումը, որուն մէջ համաչափ կարեւոր են ծնողներուն, ընտանեկան հարազատներուն, դպրոցին ու կազմակերպութեանց,միութեանց-ազգային հաստատութեանց դերը։ Սեփական պատմութեան, մշակոյթին ու հայկականութեան իւրաքանչիւր տարրին հետ հաղորդակցութիւնը, այդ բոլորին իւրացումը կը կազմեն մեր Դատի հիմնական սիւները։
Միացեալ Հայաստանի տեսլականը կարելի չէ իրագործել այսօրուան ազատագրեալ հողերը տկար թողելով, մեր ժողովուրդի բնական աճին նկատմամբ կրաւորական, անտարբեր մնալով, «լաւ հայ ըլլալու համար ԼԵԶՈՒԻՆ ու ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ իւրացումը երկրորդական են» յայտարարելով։
Ընդհակառակն, Հայաստանը պէտք է վերածել հայրենադարձութեան իրերայաջորդ ալիքներու թիրախ, անոր սահմաններէն ներս պէտք է իրականացնել քաղաքական-քաղաքացիական, ընկերային իրաւունքներու արդար բաշխում, որպէսզի վաղը, մօտիկ ապագային, արդարօրէն կարենանք յայտարարել, որ այսօրուան Հայաստանին հողը անբաւարար է մեր ժողովուրդին բնական աճին ու զարգացման, ստեղծագործական կարողութիւններուն կենսագործման համար, հետեւաբար, շօշափելի վերանորոգ հիմքեր ստեղծել մեր պատմական հողերուն պահանջատիրութեան համար։
Մեր Դատին, ամբողջական Դատին համապարփակ հետապնդումը միայն ու միայն մեզմէ կախեալ է, իսկ այդ ճամբուն վրայ, բոլորս իրարու լծակից ենք ու զօրակից։ Միասնաբար ու փոխադարձ հանդուրժողութեան մշակոյթի վերականգնումով է որ պիտի դարմանենք մօտիկ անցեալի ու այսօրուան թերութիւնները։
Որովհետեւ՝
Մեր ամբողջական իրաւունքերը կ՛ընդգրկեն ողջ հայութիւնը, հայրենի թէ տարասփիւռ զանգուածները,
Որովհետեւ՝
Հայրենիքն ու անոր հողին վրայ, այսօրուան ու վաղուան հողերուն վրայ ազատ ու անկախ ապրելու, բարգաւաճելու եւ մշակոյթ կերտելու գործը բոլորիս մենաշնորհն է, եւ ոչ թէ «ընտրեալներու»։