ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Պատմութեան նայելու եւ անցեալին վրայ քննական հայեացք նետելու մէկ ու միակ դիտանկիւն գոյութիւն չունի, անկասկա՛ծ։
Նոյնպէս եւ պատմական իրադարձութիւնները արժեւորելու եւ անցեալի դասերը բանաձեւելու մէկ, միակ ու հանրապարտադիր մեկնաբանութիւն չկայ, չի կրնար գոյութիւն ունենալ։
Եւ լաւ է, որ այդպէ՛ս է, որպէսզի միտքը միշտ բանի եւ անկաշկանդ որոնէ ճշմարտութիւնը։
Որպէսզի անցեալի կենսափորձը ծառայէ ներկան ճիշդ հունաւորելու եւ լաւագոյն ապագան նուաճելու յարատեւ ճիգին, որ եղած է ու կը շարունակէ մնալ քաղաքակրթական զարգացման մղիչ ուժը։
Այդպէ՛ս եղած է բովանդակ մարդկութեան համար։
Այդպէ՛ս է նաեւ պատմութեան հնագոյն ուղեւորներէն հայ ժողովուրդի պարագային։
Եւ այդ պատճառով է, որ Ապրիլ 24ի խորհուրդը եւ հայոց պատմութեան դասերը միեւնոյն դիտանկիւնով չեն ընկալուիր կամ արժեւորուիր, ոչ ալ միեւնոյն մեկնաբանութեան կ՛արժանան հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն կամ հոսանքներուն կողմէ, մեր ժողովուրդին մէջ ինչ որ ալ ըլլայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին վայելած վստահութեան ու հաւատքի տոկոսը։
Անշուշտ այս առումով կարելի չէ պնդել, թէ բոլոր ճամբաներն ալ… Հռոմ կը տանին։
Մօտաւոր թէ հեռաւոր անցեալի հայոց պատմութեան եւ անոր փոխանցած դասերուն տարբեր մեկնաբանութիւններն ու արժեւորումները, փաստօրէն, հիմք կը ծառայեն ազգային ու հաւաքական մեր երթին առջեւ տարբեր, երբեմն նաեւ հակադիր ուղիներու յայտնագործումին։
Իսկ ուղիներու եւ ուղղութիւններու տարբերութեամբ ու բաժանումով կ՛արմատաւորուին մեր ժողովուրդը, ինչպէս եւ բոլոր ժողովուրդները, ներքնապէս շերտաւորող ու հատուածականացնող դաւանական ու գաղափարական, քաղաքական եւ հասարակական նախասիրութիւնները։
Բնականոն այդ մասնատուածութիւնը չի նշանակեր, սակայն, որ ազգային միասնականութեան շաղախը կը կորսուի ինչպէս այլ ժողովուրդներու, այնպէս ալ ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի կեանքէն, որ այլապէս պատմութեան քառուղիներուն վրայ իր արժանի տեղը ունենալու համար ամէն բանէ աւելի պէտք ունի ազգային միասնականութեան։
Եւ պատահական չէ, որ հայոց պատմութեան խորերէն ու հայ ժողովուրդի ծոցէն պարբերաբար կեանքի կը կոչուին Չարենցներ, որպէսզի սերունդներուն պատգամեն՝ «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Ազգային միասնականութեամբ եւ հաւաքական ուժով Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը յառաջ մղելու քաղաքական կամքը պարբերաբար կարիքը ունի գաղափարական այդ պատուատումին։
Դառն ու դաժան իրողութիւն է, որ հայ ժողովուրդի հաւաքական մտածողութեան մէջ այսօր ալ կը յամենան մօտեցումներ ու մտայնութիւններ, որոնք անկախաբար իրենց գտած թէ չգտած արձագանգէն կամ ժողովրդականութենէն, փաստօրէն կը շարունակեն Ապրիլ 24ի խորհուրդը պղտորել… ինչ–ինչ «իմաստութիւններով»։
Ապրիլ 24ի 97ամեակը եւս բացառութիւն չկազմեց այս առումով։
Պաշտօնական թէ անպաշտօն բեմերէ այս տարի ալ հնչեցին կոչեր, որոնք անցեալի ցաւին ու արհաւիրքին մէջ չփակուելու «իմաստութիւնը» քարոզեցին… պահանջատէր հայութեան։
Կարծէք մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութեամբ պայքարի իր ուխտը վերանորոգող հայը չ՛ուզեր յաղթահարել իր յուզաշխարհն ու քաղաքական միտքը խեղդող թրքական պետութեան ցեղասպանական հարուածին խոցը։
Այս տարի ալ եղան պնդողներ, որոնք դէմ են թրքական ուրացման դէմ պայքարի կոչերուն եւ պահանջատիրական նախաձեռնութիւններուն աշխարհի չորս ծագերուն, որովհետեւ ունին այն համոզումը, թէ Ապրիլ 24ի խորհուրդն իսկ է վերջ տալ «օտարի դռները բախելու» եւ «արդարութիւն ու իրաւունք աղերսելու անցեալի վարքագծին»… Իսկ ելքը, նման քարոզներու հեղինակներուն կարծիքով, մեր հայրենիքին ու հայոց անկախ պետականութեան անձայն հզօրացումն է եղե՜ր, որպէսզի ուժ հաւաքենք եւ, այդ ուժով, պարզապէս ետ առնենք մեր ժողովուրդին պատկանող իրաւունքները։
Կարծէք հայոց հայրենիքի եւ անկախ պետականութեան հզօրացումէն աւելի ամուր երաշխիք կրնայ գոյութիւն ունենալ։ Կարծէք Հայ Դատի պայքարէն՝ հայոց անժամանցելի իրաւունքներու անդուլ պահանջատիրութենէն դուրս կրնայ առաջանալ ու թափ եւ ուժ հաւաքել հայոց հայրենիքի ու պետականութեան հզօրացման համազգային զօրաշարժը։ Կարծէք ֆութպոլային դիւանագիտութեան նման ցնորքներով կարելի է երկխօսութեան բերել թրքական պետութեան պէս յանցագործ մը, որ նոյնիսկ իր սեփական պատմութեան հետ չ՛ուզեր հաշտ ապրիլ։
Թերահաւատները համացանցի վրայ կրնան «Ապրիլի 24ի խորհուրդը» բառեզրով հետազօտութեան փորձ մը կատարել եւ անպայման պիտի յղուին, «Ապրիլի 24ի խորհուրդը» խորագրով առաջնորդող մը հրապարակած կայքէջի մը, որ հետեւեալ «իմաստութիւն»ը կը պատգամէ իր այցելուներուն.
– «Ամէն տարի այս օրը հազարաւոր մեր հայրենակիցների համակում են հակասական զգացումներ:
«Կորստի ցաւի վերապրման, զոհերի ոգեկոչման հետ մէկտեղ՝ խորհում ենք ապագայի մասին:
«Պատմութիւնը հէնց նրա համար է, որ դրանից հետեւութիւններ քաղենք: Այդ հետեւութիւնները՝ եւ ոչ թէ պատմութեան իներցիան, պետք է դառնան այսօրուայ քաղաքականութեան, մեր բոլորիս վարքագծի առանցքը»:
Եթէ բարձրաթռիչ այս իմաստութենէն ճշգրիտ բան չկրցաք հասկնալ, կարդացէք միեւնոյն կայքէջին առաջնորդողը «պսակող» բուն պատգամը.
– «Ապրիլի 24ը պետականազուրկ մեր իրականութեան, օտարին ապաւինելու մեր միամտութեան, օտարների հաշուարկներում խցկուելու արկածախնդրութեան հետեւանքն է: Վերջին դարերի պետականազուրկ մեր պատմութիւնն ամբողջական չէ, ենթակայ չէ միասնական տրամաբանութեան եւ աւելի շատ նմանւում է ռուս-թուրքական, ռուս-պարսկական պատերազմների տարբեր պատառիկների հաւաքածուի:
«Ապրիլի 24ը, առնուազն դրա հետեւանքները շարունակական են այնքան, քանի դեռ չունես պետութիւն, որը քաղաքացու ազատութեան եւ անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորն է:
«Առաջին Հանրապետութիւնը չլուծեց այդ խնդիրը: Աշխարհաքաղաքական միջավայրն էր անբարենպաստ: Բայց նաեւ՝ Հանրապետութեան ղեկավարների մաքսիմալիզմը, իրական քաղաքականութիւնը զգացմունքներին զոհաբերելու մոլուցքը: Արդիւնքն այն եղաւ, որ դաշնակցական գործիչներն Առաջին Հանրապետութեան փլատակների վրայ խմում էին Սեւրի՝ երբեք իրականութիւն չդառնալու դտապարտուած, դաշնագրի կենացը:
«Երկրորդ Հանրապետութիւնը որոշակիօրէն լուծել էր քաղաքացիների անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան հարցերը, սակայն 70ամեայ այդ շրջանն ընդամէնը խորհրդային օկուպացիայի քաղաքակիրթ եղանակ էր:
«Երրորդ Հանրապետութիւնը մեր ժողովրդի կամքի, հաւաքական ձգտումների արգասիքն է: Չհաշուած որոշ շեղումներ՝ 1990թ.ից սկսած պետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմքում, հարեւան երկրների հետ յարաբերութիւնների առանցքում դրուել են իրատեսական մօտեցումներ: Սակայն հետեւողականութիւնն է պակասել, գերակայ է եղել կիսատ-պռատութիւնը:
«Ու Ապրիլի 24ի արժեւորումը մեզանում չի փոխուել: Մեր վերաբերմունքի մէջ նոյնն ենք մնացել՝ պետականազուրկ ժողովրդի բարդոյթով, օտարից ինչ-որ բան մուրալու միամտութեամբ, «թղթէ շերեփի» կարծրատիպով:
«Ապրիլի 24ի հետեւանքները, ցեղասպանուածի բարդոյթը յաղթահարելու լաւագոյն միջոցը՝ նորմալ, քաղաքակիրթ, իր քաղաքացուն արժեւորող երկիր ունենալն է: Ե՞րբ Օբաման կամ ԱՄՆ որեւէ նախագահ կ՛արտասանի «Ցեղասպանութիւն» բառը՝ դա իրենց խնդիրն է: Հարկ չկայ անընդհատ թափանցել ամերիկեան քաղաքականութեան խոհանոց կամ՝ ամերիկա-թուրքական յարաբերությունների դաշտ՝ լաւագոյն դէպքում չհրաւիրուած դիտորդի, յաճախ՝ սակարկուող մանրադրամի կարգավիճակով:
«Նմանապէս, Ցեղասպանութեան ճանաչումն առաջին հերթին անհրաժեշտ է Թուրքիային՝ իր պատմութեան հետ հաշտուելու, իր քաղաքակրթական ընտրութիւնը համոզիչ դարձնելու համար: Դա մի օր լինելու է, այլապէս իրականութիւն չեն դառնայ Թուրքիայի խիստ բնական յաւակնութիւնները:
«Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքը՝ հարեւան երկրների հետ բնականոն յարաբերութիւնների հաստատումն է: Սա պատմութեան ուրացում չէ՝ պատմութեան դաս է:
«Մենք իրաւունք չունենք տրուելու պատմութեան իներցիային, մենք պէտք է պատմութիւն կերտենք:
«Սա է Ապրիլի 24ի գլխաւոր խորհուրդը»:
Ահա՛ ամբողջութիւնը Հայ Դատի պահանջատիրութեան փոխարէն իբրեւ թէ Հայրենիքի եւ անկախ պետականութեան հզօրացումին ձգտելու… «իմաստութեան»։
Եւ այդ մտայնութիւնը թէեւ հին ու մաշած յանկերգներէ կը ստանայ հայ ազգային–ազատագրական շարժման դէմ իր թափած մաղձը, այդուհանդերձ նաեւ հինգերորդ շարասիւնի իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն բեմերէն պարբերաբար հրամցուող քաղաքական կործանարար «ընտրանքներուն»։
Մտայնութիւն մը, որ «Թուրքիայի խիստ բնական յաւակնութիւններ»ուն վրայ կը խարսխէ այն «իմաստութիւն»ը, թէ Հայաստանի եւ հայութեան կողմէ «բարի դրացիութեան» ոչ «կիսատ–պռատ» հետապնդումով՝ ցեղասպան պետութիւնը ի վերջոյ պիտի ընդունի եղե՜ր հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած յանցագործութիւնը։
Ապրիլ 24ի 97ամեակը, ազգային պահանջատիրութեան իր զեղուն եւ գօտեպնդող զօրաշարժին կողքին, նաեւ այսպիսի՛ դառն դրսեւորումներու առջեւ դրաւ հայ քաղաքական միտքը։
Եւ մեր պարտքն է ամէնուր մերկացնել կործանարար էութիւնը այսօրինակ «իմաստութեանց»…
Ո՛չ մտածումի տարբերութեան իրաւունքը լռութեան մատնելու ճիգով, այլ Ապրիլ 24ի դասերուն հաղորդ դարձնելու անխոնջ հետեւողականութեամբ։