
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, յառաջապահ բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ ու խղճմտանքի տէր թուրքեր մասնակցեցան այն հանրահաւաքներուն, որոնք կազմակերպուեցան հայութեան սուգը բաժնելու նպատակով։
Հանրահաւաքներուն ամէնէն աչքառուն էր այն մէկը, որ կայացաւ Թուրք-իսլամ ստեղծագործութիւններու թանգարանին առջեւ. այն շէնքը՝ որ Ապրիլ 24, 1915ին գործածուած էր որպէս ձերբակալուած հայ մտաւորականներու բանտ։ Այս հանրահաւաքին մասնակցեցան մօտաւորապէս 500 անձեր, որոնք պաշտպաններ են մարդկային իրաւունքներու։ Անոնք մեխակներ թողուցին վերտառութեան մը առջեւ, ուր գրուած էր. «1915ը Ցեղասպանութիւն է: Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է»։ Հոն պարզուած էին նաեւ նկարները բազմաթիւ հայ մտաւորականներու, որոնք Ապրիլ 24ին ճամբայ հանուեցան դէպի մահուան ճանապարհ։
Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի նախագահ Ապտիւլպաքի Պօղա իր ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ հայ մտաւորականները՝ նախքան աքսորուիլը՝ այս բանտին մէջ արգելափակուած էին։ Հանրահաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի գիտնականներէն Արա Սարաֆեան, որ դիտել տալէ ետք, թէ հաւաքուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին առթիւ՝ ըսաւ. «Թուրք պետութեան ժխտումներն ու ճնշումները դեռ կը շարունակուին, բայց մեր աշխատանքը կեդրոնացած է ճշմարտութիւնները երեւան հանելու հրամայականին վրայ եւ ասոր ազդեցութիւնը Թուրքիոյ մէջ եւս տեսնելու սկսանք»։
Այնուհետեւ Մերալ Չըլտըրի կողմէ կարդացուեցան այն երկու նամակները, որոնք խմբագրուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու Ամենայն հայոց հայրապետ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հասցէին։
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պարագային ընդգծուեցաւ, թէ այս կաթողիկոսութիւնն ալ Թուրքիայէն աքսորուած ու Պէյրութի մէջ ապաստան գտած էր։ Արամ Ա. հայրապետին ուղղուած նամակին մէջ հանրահաւաքի կազմակերպիչները յիշեցուցին այն նամակը, զոր Արամ կաթողիկոս ուղարկած էր վարչապետ Էրտողանին՝ դիտել տալով, որ ան իր բարի կամեցողութիւնը փաստած պիտի ըլլայ այն ատեն միայն, երբ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Նամակին մէջ դիտել տրուեցաւ, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ներկայացուցած պահանջները՝ իրե՛նց ալ պահանջներն են։
Մայր աթոռ յղուած նամակին մէջ նշուած է. «Այս նամակը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կը գրենք ամօթով ու յարգանքով, որպէսզի ըսենք, թէ յարգանքով կը խոնարհինք այն օսմանցի հայերուն յիշատակին առջեւ, որոնց նիւթական ինչքերուն, մշակութային հարստութիւններուն ու բարոյական ներկայութեան վերջ տրուեցաւ ու մեծ ճիգ կը վատնուի, որպէսզի ջնջուին անոնցմէ մնացած վերջին հետքերը»։ Նամակին հեղինակները յիշեցուցին հայրապետին այն յայտարարութիւնը, թէ Ցեղասպանութեան հարցը ուսումնասիրութեան կարօտ հարց չէ, եւ նշեցին. «Մարդկային իրաւունքներու միութիւնն ալ նոյնպէս կը մտածէ»։
Երկու նամակներուն մէջ յիշուեցաւ զինուորական ծառայութեան ընթացքին սպաննուած Սեւակ Պալըքճիի պարագան ու դիտել տրուեցաւ, որ Սեւակին սպանութիւնը փաստ մըն է, որ հայերու կեանքը անապահով կը մնայ եւ թէ 97 տարիէ ի վեր շարունակուող ուրացումը մնայուն դարձուցած է Ցեղասպանութիւնը։
Նամակներու ընթերցումէն ետք, մասնակիցները, որպէս սուգի աւանդութիւն՝ անձայն կերպով քալեցին մինչեւ Սիրքեճիի նամակատուն, ուրկէ ուղարկեցին նամակները։ Այնուհետեւ, անոնք ճամբայ ելան դէպի Շիշլիի Գերեզմանատուն՝ այցելելու համար Սեւակ Պալըքճիի գերեզմանը։
Այլ հանրահաւաք մը կայացաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 19:15ին։ Ինչո՞ւ այսքան ուշ ժամով. որովհետեւ կազմակերպիչները 1915ը այդ ձեւով ալ յիշատակել ուզած էին: «Մարմարա» կը յայտնէ, թէ կը սպասուէր, որ շատ աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն ըլլար այս հանրահաւաքին, սակայն պայմանները յայտնի են եւ պէտք չէ զարմանալ։ Այնուհանդերձ, աւելի քան մարդկային իրաւունքներու 500 պաշտպաններ ու մտաւորականներ ներկայ գտնուեցան ու անձայն նստան վերտառութեան մը շուրջ, ուր գրուած էր հետեւեալը. «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, այս սուգը մեր բոլորին սուգն է»։

Այս ցոյցին դէմ գրգռիչ խափանարարութիւն ընել ուզեցին խումբ մը թուրք ազգայնամոլներ՝ «իւլքիւճիւ»ներ, որոնք «Սքուէր» պանդոկի ու Ֆրանսայի հիւպատոսարանին առջեւ հաւաքուած էին եւ կ՛արձակէին լօզունգներ, ինչպէս՝ «Դաւաճաննե՛ր, Երեւան գացէ՛ք», «Հոս Թուրքիա է, կը սիրես կամ կը հեռանաս», «Թուրքը թուրքէն բացի ուրիշ բարեկամ չունի», եւ այլն։ Սակայն ոստիկանները չարտօնեցին, որ անոնք աւելի մօտենան հանրահաւաքը կազմակերպած խումբին։
Լրագրող Ճենկիզ Աքթար ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ թապու մը եւս փշրուելու սկսած է։ Զէյնէպ Թանպայի կողմէ կարդացուեցաւ այս առթիւ գրի առնուած հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր. «1915ին, երբ մեր բնակչութեան թիւը 13 միլիոն էր, 1.5-2 միլիոն հայեր կ՛ապրէին Թրաքիոյ, Եգէականի, Ատանայի, Մալաթիոյ, Վանի, Կարսի, Պոլսոյ մէջ։ Ապրիլ 24, 1915ին, անոնք արտաքսուեցան։ Զանոնք կորսնցուցինք։ Այլեւս չկան։ Գերեզմաններն իսկ չկան։ Իսկ այն ծանր ցաւը, զոր Մեծ Եղեռնը բեռցուցած է մեր խղճմտանքին վրայ, 97 տարիէ ի վեր կը շարունակուի»։