ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանի Ցեղասպանութեան 97ամեակին նուիրուած միջոցառումներու կարգին հետաքրքրական ձեռնարկ մըն էր միջնակարգի աշակերտներու հանդիպումը Զաւէն Խանճեանի հետ։ Տնօրէնութեան առաջարկով եւ հայկական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ գործադրութեամբ այս օգտաշատ հանդիպում-զրոյցը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ի յետմիջօրէին, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր աշակերտները առիթն ունեցան ծանօթանալու Խանճեանի պատմական այցելութիւնը Արեւմտահայաստանի Աղըն գիւղին մէջ գտ-նուող իր հօրենական տան։ Անոնք բաժնեցին սփիւռքահայու զգացումները, հաղորդուեցան հայրենի աշխարհին մէջ յափշտակուած տան մը պատմութեամբ եւ հարստացաւ անոնց երեւակայութիւնը՝ բաժնելով «Այս Տունը Ի՞մս Է, Թէ Քուկդ» գիրքի հեղինակ Խանճեանի անկրկնելի փորձառութիւնը:
Հանդիպման սկիզբը բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լինտա Գանտիլեան. ան ներկայացուց օրուան հիւրը, որ ազգային, հասարակական գործիչ, հեղինակ եւ գործօն ներկայութիւն է գաղութի հայկական թէ ամերիկեան շրջանակներէն ներս։ Ան փոքրիկ ներածականով մը կեդրոնացուց աշակերտներուն ուշադրութիւնը պահանջատիրութեան գաղափարին վրայ՝ անոնց պատմելով, թէ ինչպէ՛ս գաղթէն ճողոպրած սերունդը իր հայրենի տան բանալիները կը պահէր՝ յուսալով տունդարձը… անոնք իրենց հետ թաղեցին այդ «բանալիները», սակայն տունդարձի յոյսը մնաց միշտ կենդանի՝ փոխանցուելով սերունդէ սերունդ։
Ծրագիրը սկսաւ Զ. դասարանի աշակերտներուն կողմէ Սարմէնի «Հայրենի Տուն» բանաստեղծութեան մեկնաբանութեամբ, մինչ դասախօսը «Քելէ Լաօ» երգի ունկնդրութեամբ աշակերտութիւնը մտովին կը փոխադրէր դէպի Երկիր՝ բացատրելով երգի բառերուն ընդմէջէն տունի գաղափարը, հայրենիքի գաղափարը, ընդհանրապէս ցեղասպանութիւնը եւ մասնաւորապէս Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Ապա ցուցադրուեցաւ դէպի Արեւմտահայաստան Խանճեանի խումբին ուխտագնացութիւնը եւ յատկապէս Խանճեանի պապենական տունը եւ անոր նոր տանտիրոջ նուիրուած խորհրդանշական նուէրը՝ ծառը, զոր Խանճեան կը տնկէ այդ հողին մէջ, իր պապերու աճիւններուն հետ միաձուլուելու համար՝ կրկնելով Զաւէն Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւնը՝ «Մեռելներուս իբրեւ խաչ, ես այս ծառը տնկեցի»։
Յուզիչ էր պատկերը… աշակերտները քար լռութեան մէջ կը հետեւէին այս հազուադէպ պատահող իրականութեան, մինչ Ը. դասարանի աշակերտները կ՛արտասանէին Զաւէն Սիւրմէլեանի աղօթք դարձած «Ծառը» արտասանութիւնը։
Երկրորդ բաժինով աշակերտները առիթ ունեցան նաեւ հանդիպելու Արաբկիրի մէջ ապրող 93ամեայ հայու մը՝ Սարգիս Միրաշահեանին, որ հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, յամառած է չլքել հայրենի տունը, մնացած ու տոկացած է հայրենի հողին վրայ՝ պահելով իր լեզուն եւ իր կրօնքը՝ «ամչցնելով թուրքին»։ Ան աշակերտներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց իր հայու յամառ նկարագիրով, տոկունութեամբ, կիրքով ու մեծ հաւատքով։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց մը. բոլորի միտքին մէջ կը վխտային զանազան հարցումներ, որոնց գոհացում տուաւ բանախօս հիւրը՝ մեր պայքարը նմանցնելով դրօշարշաւի մը: «Պայքարը կայ ու կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ, մինչեւ արդար լուծում. մենք ձեզի պիտի յանձնենք զայն: Դուք պիտի շարունակէք մեր պապերու իրաւունքներուն հետապնդումը», ըսաւ ան։ Ապա աշակերտական խորհուրդի ատենապետուհի Թամար Գազազեան, բոլոր աշակերտներուն կողմէ նախապէս պատրաստուած կարծիքներ ամփոփող գրքոյկ մը նուիրեց Զաւէն Խանճեանին։
Հանդէսը հանգամանօրէն փակեց տնօրէնուհի քոյր Լուսիան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Խանճեանին, որ այսպիսի եզակի առիթի մը բաժնեկից դարձուց մեր աշակերտները եւ իր փորձառութիւնը մեզի հետ բաժնելով՝ մեր երեւակայութեան թռիչք տուաւ ու մեր հոգեմտաւոր աշխարհը հարստացուց, նաեւ շեշտեց մեր մօտ պատկանելիութեան գիտակցութիւնն ու պահանջատիրութեան զգացումը: Տնօրէնուհին շարունակեց՝ խօսքը ուղղելով աշակերտներուն. «Օրինակ պէտք է առնէք այդ հայ ծերունիէն, որ աննպաստ պայմաններու մէջ, առանց եկեղեցիի, առանց քահանայի, շրջապատուած օտարներով՝ տակաւին կը ջանայ կրօնքը պահել եւ ամէն օր աղօթել»:
Հայ Քոյրերու վարժարանի միջնակարգի աշակերտները եզակի օր մը անցուցին՝ միշտ իրենց ուսուցիչներէն լսած Արեւմտահայաստանը տեսնելով, դիտելով եւ ապրելով: Այս բոլորը նախապատրաստական աշխատանքներ են, եթէ կ՛ուզէք՝ դաջուածքներ, հայ դպրոցին յանձնուած մատղաշ հոգիներուն եւ միտքերուն վրայ, անոնցմէ պատրաստելու համար վաղուան պահանջատէր հայը ու զանոնք մղելու համար դէպի արդարութիւն եւ իրաւունքներու վերականգնում։