
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանի ուսանողները յայտարարած էին, որ 26 Ապրիլէն պիտի սկսին դասադուլի՝ բողոքելով համալսարանի ղեկավար Սուրէն Զօլեանը իր պաշտօնէն հեռացնելու կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի որոշումին դէմ:
Ուսանողներուն համաձայն, նախարար Արմէն Աշոտեանի կողմէ 17 Օգոստոսին տրուած որոշումը ապօրինի է, եւ անցած շաբաթուայ ընթացքին շարք մը բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են, պահանջելով Սուրէն Զոլեանը վերանշանակել ռեկտորի պաշտօնին:
Նախորդ բողոքի ցոյցերուն հետ համեմատած, 26 Ապրիլին կայացած հաւաքին մասնակից ուսանողներուն թիւը շատ քիչ էր։ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ցուցարարներէն մէկը այս մասին յայտնեց. «Մեզ մօտ մոդուլային շաբաթ է, ու մեր ակտիւիստների մեծամասնութիւնը երկրորդ կուրս է: Իրենք հիմա միջանկեալներ ունեն, դրա համար այստեղ չեն»:
Ուսանողները նաեւ յայտնեցին, որ 25 Ապրիլին Սուրէն Զօլեան իրենց խորհուրդ տուած էր դասադուլ չկատարել։ Բայց եւ այնպէս Զօլեան այս գծով ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած է, ան ընդհանրապէս մերժած է լրագրողներուն հետ հանդիպում ունենալ։
Յիշեցնենք, որ Սուրէն Զօլեան, նախարարին որոշումը անօրինական նկատելով՝ հրաժարած էր համալսարանի նախագահի իր լիազօրութիւնները ուրիշին յանձնելէ։ Բայց եւ այնպէս նախարար Աշոտեան համալսարանի փոխնախագահը՝ Գայիանէ Գասպարեանը նշանակած էր ժամանակաւոր նախագահ։ Այսպիսով, համալսարանը երկու նախագահ ունի։
Համալսարանի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գայիանէ Գասպարեան, իր կարգին ըսաւ. «Եթէ մի քանի հոգի կան դասադուլ անող, դա արդէն ուսանողութիւն չի: Մեր դասերը նորմալ հունով գնում են, բայց, յամենայնդէպս, եթէ ինչ-որ անհատներ կան, իրենց դասախօսները իրենց ներկայ-բացական կ՛անեն եւ ըստ այդմ իրենց… ես չեմ համարում դա դասադուլ»:
Միւս կողմէ սակայն, ուսանողները համալսարանին մօտ հաւաքուած էին ու կը բացագանչէին՝ «դասադուլ»: Դասախօսներէն ոմանք փորձեցին զանոնք լսարան առաջնորդել, բայց եւ այնպէս ուսանողները բողոքը շարունակեցին համալսարանի կեդրոնական մուտքին մօտ:
Ի վերջոյ, Սուրէն Զօլեան իջաւ ուսանողներուն մօտ եւ անոնցմէ անգամ մը եւս խնդրեց դասադուլ չկատարել:
Աւելցնենք, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը բաց մրցում յայտարարած է «Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարան» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան նախագահի թափուր պաշտօնին համար: