ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, շարունակելով իր տարեկան ձեռնարկներուն ընթացքին շրջանի քաղաքական, գործարար, համայնքային ու երիտասարդ գործիչներ մեծարելու սովորոյթը՝ որոշած է իր այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին պատուել Պըրպենք քաղաքի քարտուղար Մարկարիթա Քամփոսը, գոծարար Սարգիս Նիկողոսեանը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Զարեհ Սինանեանը եւ ՀԵԴի ղեկավարներէն Դալար Գոսագեանը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Քէշիշեան կը յայտնէ, թէ նշեալ մեծարեալները, իրենց ստանալիք մրցանակներու անուններու տէրերուն նման, ներշնչման աղբիւր են տեղւոյն ամերիկահայ գաղութին համար:
Տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մայիս 4ին, «Արպա»չ սրահին մէջ (711 South San Fernando Boulevard, Burbank, CA 91502), իսկ օրուան գլխաւոր զեկուցաբերը պիտի ըլլայ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեանը, որ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իրականացուող Հայ Դատի վարժողական շարք մը ծրագիրներուն արձանագրած յաջողութիւններուն մասին:
Երիտասարդութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ գործօն մասնակից դարձնելու նման վարժողական ծրագիրներու կարեւոր դերակատարութենէն մեկնելով՝ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է իր այս տարուան ձեռնարկին ապահովելիք շահը յատկացնել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին:
Ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հայանպաստ շարք մը նախաձեռնութեանց նեցուկ կանգնող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ՝ իբրեւ պատուոյ հիւր: Հայաստանի եւ Արցախի համար ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւններ պահանջելու կողքին, Շիֆ պաշտպան կը հանդիսանայ նաեւ æաւախքի հայերու իրաւունքներուն, եւ միայն վերջերս ան խստօրէն քննադատած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «պատմական վէճ»ի նիւթ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հաստատումը:
Պըրպենք քաղաքի քարտուղար Մարկարիթա Քամփոս պիտի ստանայ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան տարուան լաւագոյն քաղաքական գործիչի մրցանակը: Ան 1974էն ի վեր Պըրպենքի քաղաքապետութեան մէջ կ՛աշխատի՝ ստանձնելով շարք մը պատասխանատու պաշտօններ: 2001ին ան նշանակուած էր թափուր մնացած քաղաքի քարտուղարի պաշտօնին, որմէ ետք ան երկու առիթներով վերընտրուած է: Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ան իր դուռը միշտ բաց պահած է հայութեան առջեւ եւ իր կարելին ըրած՝ քուէարկելու գործընթացը դիւրացնելու համար, յատկապէս վերջերս քաղաքացիութեան տիրացած քաղաքացիներուն պարագային:
Գործարար Սարգիս Նիկողոսեան պիտի ստանայ Լեւոն Շանթի անուան մրցանակը, նկատի ունենալով, որ ան 1980ին Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք միշտ նեցուկ կանգնած է ոչ միայն համայնքային նախաձեռնութեանց, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման ծրագիրներու: Ան սեփականատէրն էր «Արպա»չ սրահին եւ յաճախ նեցուկ կանգնած է համայնքային ձեռնարկներու, իր կնոջ՝ Նարինէի հետ:
Վահան Քարտաշեանի անուան համայնքային ղեկավարի մրցանակը պիտի շնորհուի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Զարեհ Սինանեանին, որ 2000էն ի վեր մաս կը կազմէ Հայ Դատի մեծ ընտանիքին եւ եղած է Կլենտէյլի ու Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբերու վարչութեանց անդամ: Ան նաեւ եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետութեան յանձնաժողովներու անդամ:
Գարեգին Նժդեհի անուան «Տարուան երիտասարդ գործի»չի մրցանակը պիտի շնորհուի շրջանի ՀԵԴի «Վարագ» ուխտի երկարամեայ անդամներէն եւ ներկայիս անոր վարչութեան անդամ Դալար Գոսագեանին, որ ներկայիս երկրորդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթ-րիճի մասնաճիւղին մէջ, մասնագիտանալով առողջապահութեան վարչութեան մարզին մէջ: ՀԵԴի կողքին, ան գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայ Դատի աշխատանքներուն, իսկ անցեալ տարի իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինէն ետք, երգիչ Գօգօ Հայիթեան պիտի խանդավառէ ներկաները իր հայկական եւ միջազգային երգերով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսերու համար, դիմել Սիլվա Քէշիշեանին՝ silva@anca.org հասցէով, կամ այցելել Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի համացանցային կայքը՝ facebook.com/ancaburbank հասցէով: Տոմսեր կարելի է ապահովել նաեւ www.itsmyseat.com//events/824386.html կայքէջէն: