
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ Խորհրդային Միութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Վարդուհի Վարդերեսեան 2 Մայիսին բացումը կատարած են Վահրամ Փափազեանի կիսանդրիին: Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ եղած են դերասաններ, արուեստագէտներ եւ երեւացիներ:
Կիսանդրիի հեղինակ Լեւոն Թոքմաջեան շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին՝ անոր ցուցաբերած մեծ օժանդակութեան համար: Ան ընդգծած է, որ կիսանդրին կերտած է իբրեւ արուեստագէտին երկրպագուն՝ աւելցնելով, որ ինք վաղուց մտադրած էր Փափազեանի յուշարձանը ստեղծել, սակայն այդ մէկը նոր կարելի եղաւ իրականացնել՝ քաղաքային իշխանութիւններու անմիջական աջակցութեամբ:
Վահրամ Փափազեանի կիսանդրին զետեղուած է Փափազեան եւ Կոմիտաս փողոցներու քառուղիին վրայ: