ՊԱՔՈՒ, «Armenia.Az».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ բողոքած է համացանցային հսկայ «Google» ընկերութեան, որովհետեւ «Google Maps»ի քարտէսներու սպասարկութեան մէջ հայերէնով ներկայացուած են Պաքուի որոշ փողոցներու անունները:
Նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլաեւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 30ին այս արարքը «հրահրում» որակած է՝ աւելցնելով. «Մենք պարբերաբար դէմ կը դնենք նմանօրինակ հրահրումներու: Կոչ կ՛ընենք մեր քաղաքացիներուն, որ նմանապէս իրենց բողոքը արտայայտեն»: