ԵՐԵՒԱՆ.- Մամուլի ազատութեան օրուան առիթով 3 Մայիսին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Մամուլի ազատութիւն, տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունք» խորագիրով ցուցահանդէսին:
Տեղեկութիւն ստանալու ազատութեան կեդրոնին եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան միացեալ գործակցութեամբ կայացած այս ցուցահանդէսին ներկայ էին լրագրողներ, պետական հաստատութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ: Այս նախաձեռնութեան կ՛աջակցին նաեւ Միջազգային Զարգացման Գործակալութիւնը եւ ԵԱՀԿ Երեւանի գրասենեակը:
Ցուցահանդէսին նպատակն է անդրադառնալ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքին խոչընդոտներուն ու կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, մամուլի ներկայացուցիչներուն ու հանրութեան յիշեցնելու այս իրաւունքին ձեռքբերման իմաստով իրենց ունեցած դերակատարութիւնը: Լուսանկարներու ցուցահանդէսին մասնակցող 70է աւելի լուսանկարներն ու ծաղրանկարները նաեւ պիտի տպագրուին մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած յատուկ լուսանկարներու ալպոմին մէջ։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն գովասանքով արտայայտուած է կազմակերպիչներուն մասին եւ կարեւոր նկատած է ազատ մամուլի ու տեղեկատուութեան հասանելիութեան դերը ժողովրդավարութեան կայացման իմաստով: Դեսպանը կոչ ուղղած է Հայաստանի Տեղեկութիւն ստանալու ազատութեան կեդրոնին՝ շարունակելու պետական հաստատութիւններու թափանցիկութեան եւ հաշուետուողականութեան զարգացման գծով տարուած իրենց արդիւնաւէտ ջանքերը:
Մամուլի ազատութեան օրը ամբողջ աշխարհին մէջ կը նշուի 3 Մայիսին, երբ լուսարձակի տակ կ՛առնուին լրատուամիջոցներու ազատութեան հիմնարար սկզբունքները: