ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նախաձեռնութեամբ «Հին ընկերներ» ընկերութեան, որ արդէն 5 տարիէ ի վեր Շուշիի մէջ եւրոպական պատուհաններ կ՛արտադրէ, շուտով բացումը պիտի կատարուի հիւսուածեղէնի գործարանի մը։ Ընկերութեան սեփականատէր եւ տնօրէն Ահարոն Մելքոնեանի համաձայն, հիւսուածեղէնի գործարանին կողքին պիտի գործէ նաեւ կահոյքի պատրաստութեան բաժին մը։ Երեք տարբեր արտադրութիւններ պատրաստող գործարանները պիտի տեղակայուին նոյն շէնքին մէջ, որ արդէն իսկ վերանորոգման եւ բարեկարգման ընթացքի մէջ է։
Նորաբաց գործարանին մէջ պիտի արտադրուին վերնաշապիկներ, ամառային գլխարկներ, գուլպաներ, մարզական զգեստներ, բանուորական ձեռնոցներ: Անոնք նաեւ Հայաստան պիտի արտածուին:
Սկզբնական շրջանին գործարանը պիտի ունենայ շուրջ 18-20 աշխատողներ, իսկ հետագային անոնց թիւը պիտի աւելնայ: