ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ վերջերս Սուրիան հարուածած ահաբեկչական շարք մը գործողութիւններուն նպատակը՝ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը վիժեցնելն է: Նախարարութիւնը իբրեւ օրինակ նշեց Ապրիլ 27ին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնները եւ Ապրիլ 30ին Իտլիպի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումները, որոնք 9 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ խլեցին:
Մինչ այդ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին հրապարակեց հրամանագիր մը, որով պարտադիր զինուորութեան եւ զինուորական պատիժներու օրէնքներուն մէջ նշուած բոլոր պատիժներէն ընդհանուր ներում շնորհեց:
Իր կարգին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ռուսական «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Սուրիոյ հարցերուն միջամտելու մտադրութիւն չունի, «հակառակ անոր, որ Ասատի վարչակարգին կանգուն մնալէն աւելի վատ բան գոյութիւն չունի», միաժամանակ պնդելով, թէ Ասատ «վերջերս Իրանի եւ «Հըզպալլա» շարժումին ձեռքը պատանդի վերածուեցաւ»:
Լիպըրման նաեւ ըսաւ, որ Իսրայէլ Միջազգային Կարմիր խաչին եւ Կարմիր մահիկին ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններ առաջարկած է, սակայն Դամասկոս առաջարկը մերժած է: «Մենք որեւէ այլ ձեւի միջամտութիւն կատարելու մտադրութիւն չունինք», նշեց ան:
Նաեւ, Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի, «Հայա»չ օրաթերթին յայտնեց. «Անան կը փորձէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը դէպի յառաջ մղել, եւ որոշ շարժում կայ այդ ուղղութեամբ, սակայն՝ ոչ ակնկալուած արագութեամբ: Բոլորս ալ ժամանակի կը կարօտինք, սակայն ժամանակը սուղ է, եւ անցնող իւրաքանչիւր վայրկեանի զուգահեռ՝ բռնարարք եւ բախումներ կան. բան մը՝ որ յատուկ պատուիրակին եւ իր ամբողջ խումբին համար ընդունելի չէ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «պիտի գայ ժամանակը, երբ միջազգային ընտանիքը «կը բաւէ՛» պիտի ըսէ»:
Նշենք, որ ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոս»չ օրաթերթը, Չորեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման ամբաստանած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ձեռնածալ մնալու յանցանքով: