
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի, 4 Մայիսին Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Էդուարդ Նալբանդեանի հետ տուաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը։ Նախարար Նալբանդեան՝ ողջունելով հիւրը հաստատեց, որ Հայաստան եւ Ուրուկուէյ թէեւ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու են իրարմէ, սակայն այդ երկիրը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար շատ մօտիկ ու բարեկամ է։
«Ուրուկուէյն առաջին երկիրն էր, որ դեռ 1965ին ճանաչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք շատ շնորհակալ ենք, որ Ուրուկուէյը բացել է իր դռներն, ընդունել եւ երկրորդ հայրենիք է դարձել ցեղասպանութիւնից մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցների համար: Մեզ կապում են բաւական սերտ, ջերմ եւ լաւ յարաբերութիւններ», նշեց Նալբանդեան։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ Ուրուկուէյ այն առաջին երկիրներէն է, որ ճանչցած է Հայաստանի անկախութիւնը՝ անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ այս տարի պիտի նշուի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20ամեակը:
Անդրադառնալով համագործակցութեան ներկայ հանգրուանին՝ Նալբանդեան շեշտեց, որ պէտք է քայլեր առնուին իրաւական համաձայնագիրներու դաշտը ամրապնդելու համար։ Երկու երկիրները ցարդ ստորագրած են ութ փաստաթուղթեր, սակայն զուգահեռաբար փոխանակած են նախագիծեր ու կը պատրաստուին նոր համաձայնագիրներ կնքելու։ «Քննարկել ենք առեւտրատնտեսական, մշակութային, առողջապահութեան, թուրիզմի բնագաւառներում յարաբերութիւնների ամրապնդմանն ուղղուած քայլերը», դիտել տուաւ նախարար Նալբանդեան։
Անոր համաձայն, տարածաշրջանային եւ միջազգային գրեթէ բոլոր հարցերուն գծով կողմերը ունեն եթէ ոչ նոյն, ապա շատ մօտ դիրքորոշումներ: Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան առաւել սերտացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ երկու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ աւելի աշխոյժ եւ անմիջական խորհրդակցութիւններ կայացնելու գծով։
Լուիս Ալմակրոն իր կարգին գոհունակութեամբ նշեց, որ ինք Հայաստան այցելող Ուրուկուէյի առաջին արտաքին գործոց նախարարն է: «Ուրուկուէյի ամբողջ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ անիկա մարդու իրաւունքները յարգող պետութիւն է: Ուրուկուէյը չէ սպասած, որ ուրիշներ ճանաչեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ ինք եղած է առաջին ճանչցողը», յայտնած է Ուրուկուէյի նախարարը։
Անդրադառնալով երկկողմանի համագործակցութեան՝ Ալմակրոն նշեց, որ քաղաքական երկխօսութիւնը գրեթէ կատարեալ կարելի է նկատել:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղին։ Նախարար Ալմակրոն դիտել տուած է, որ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է հիմնական տեղ գրաւէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման ընթացքին։
Ան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը սերտօրէն կապուած է Հայաստանի հետ եւ ընդգծեց, թէ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային իրաւունքի դրոյթներէն մէկն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿի կանոնադրութեամբ: «Այդ մէկը պէտք է նկատի առնել այս խնդիրի լուծման ատեն։ Ուրուկուէյը նաեւ կը դատապարտէ ռազմական յայտարարութիւնները», ըսաւ Ուրուկուէյի նախարարը։ Ան աւելցուց, որ միջազգային հանրութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները բազմաթիւ յայտարարութիւններ կատարած են այս մասին։ « Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ի՛նք պէտք է որոշէ իր ճակատագիրը», շեշտեց ան։