
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը համաձայնած են իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցով սերտօրէն համագործակցիլ ընտրութեան օրը։
Ընտրութիւններու վերահսկման միասնական ղեկավարման մարմինի հերթական նիստին ընթացքին այս մէկը հաստատեց ՀԱԿի կեդրոնական գրասենեակի համակարգող Լեւոն Զուրաբեանը՝ աւելցնելով, որ այդ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները իրարու հետ պիտի համագործակցին, եւ իւրաքանչիւր ընտրամասի մէջ ներկայ պիտի ըլլայ 5-6 վերահսկող:
Ուժերը նաեւ համաձայնած են շրջագայող խումբերու կազմութեան շուրջ՝ իւրաքանչիւր ուժէն խումբին մէջ նկատի ունենալով մէկ անձ։ «Մենք կ՛առաջարկենք, որ այդ խմբերին միանան լրագրողներ, ակտիւիստներ, ովքեր կը հետեւեն ընտրական գործընթացին: Նրանց կը յայտնեն խախտումների մասին եւ այդ խմբերն օպերատիւ կ՛արձագանգեն», նշեց Զուրաբեանը:
Անոր համաձայն, ՀԱԿը մեծ յոյսեր չունի, որ արդիւնքի կը հասնի Սահմանադրական դատարան դիմելով: «ՍԴն վաղուց իրեն պահում է իշխանութեան կցորդի նման, հետեւաբար, մեծ է հաւանականութիւնը, որ ընտրութիւններից յետոյ այդպէս էլ չեն հրապարակուի քուէարկութեանը մասնակցած ընտրողների ցուցակները: Դրա համար էլ որոշուել է, որ քաղաքական ուժերի վստահուած անձինք, միասնական շտաբի անդամները կը կազմեն այն մարդկանց միացեալ ռեգիստրը, ովքեր մասնակցել են քուէարկութեանը: Այդ ցուցակները ընտրակեղծիքները բացայայտելու հնարաւորութիւն կը դառնան: Մենք նաեւ պայմանաւորուել ենք քուէարկութեանը մասնակցածների այլընտրանքային հաշուարկ իրականացնել: Ամէն 3 ժամը մէկ թուերը կը համադրուեն», ըսաւ ՀԱԿի անդամը: