
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահի նախկին խորհրդական, քաղաքագէտ Վաֆա Կիւլիզատէ յայտարարած է, որ արեւմտեան պետութիւնները ղարաբաղեան հարցով Ատրպէյճանի կեցուածքը չեն պաշտպաներ՝ Ռուսիոյ պատճառով: Ան աւելցուցած է, թէ ղարաբաղեան հարցով Ատրպէյճանին պաշտպան կանգնող եւ աջակցող միջազգային կառոյցներ չկան:
«Եթէ նման կառոյց կամ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունենար, Ատրպէյճան կը դիմէր անոր: Ռուսիա եւս նման կառոյց է, բայց Ռուսիա մեր հողերը բռնագրաւած կողմ է: Վերջին յոյսը «Քայիտա»ի հետ համագործակցիլն է», յայտարարած է Կիւլիզատէ, որ աւելցուցած է նաեւ, թէ Ռուսիոյ չէզոքացումը եւս պիտի նպաստէ Ատրպէյճանին:
«Ռուսիան արագօրէն քայքայելը դժուար է, սակայն այդ մէկը կը կատարուի աստիճանաբար: Երբ քարիւղի տակառին գինը իջնէ 30-40 տոլարի, Ռուսիա պիտի վերանայ: Այն ատեն, հաւանականութիւն պիտի ստեղծուի լուծելու ղարաբաղեան հարցը. բայց այժմ մեզի ոչ ոք պիտի օգնէ», ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահի նախկին խորհրդականը: