ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ 100,000 տոլարի առատաձեռն նուէր մը ստացած է UCLA-ի յարկին տակ գործող «Երազ Հիմնդրամ»էն (Dream Fund), որ 2011ին հաստատուած էր՝ շնորհիւ «Լինսի» հիմնարկութեան իշխանական նուիրատուութեան: Հիմնադրամը օժանդակութիւնները կը տրամադրէ մասնաւորաբար ուսումնական, առողջապահական, երիտասարդական եւ հասարակական նպատակներու համար։
«Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, աշակերտութիւնն ու ծնողները իրենց խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնեն վերոյիշեալ հիմնադրամի պատասխանատուներուն, որոնք իրենց նուիրատուութեամբ մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանան վարժարանին: