ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 7 Մայիսի դրութեամբ Երեւանի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը բուժուին 4 Մայիսին Հանրապետական հրապարակին վրայ ծագած հրդեհին պատճառով տարբեր աստիճանի վէրքեր ու այրուածքներ ստացած 75 քաղաքացիներ: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, անոնցմէ 15ը կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքը: Հիւանդներուն վիճակը կայուն կը նկատուի։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայկական հոգեբուժական միութեան համադրուած ջանքերով, հոգեբանական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է 124 հոգիի: