
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 9 Մայիսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ռազմական շքերթ՝ նուիրուած Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման: Ռազմական շքերթը կազմակերպողները կը հաստատեն, որ անիկա պիտի գերազանցէ ցարդ կայացած բոլոր շքերթները։
Յիշեցնենք, որ Ստեփանակերտի մէջ վերջին անգամ ռազմական շքերթ կատարուած էր 2007ին:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, շքերթը եզակի պիտի ըլլայ թէ՛ տարողութեամբ, թէ ներկայացուած ռազմական կարելիութիւններով։ 5 Մայիսին արդէն իսկ շքերթի փորձը կատարուած է, եւ, հակառակ վատ եղանակին, մեծ թիւով անձեր ներկայ եղած են անոր։