
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ թափանցիկ, ժողովրդավարական եւ արդար մրցակցային ընտրութիւններու կայացման կարեւորութեան: 7 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավար Քշիշթոֆ Լիսեքը: «Այս ընտրութիւնները պէտք է տրամադրէին բազմակարծութիւն արտայայտելու կարելիութիւն, քաղաքական քննարկումներու եւ խօսքի ազատութիւն, լրատուամիջոցներուն մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար տեղ ունենալու հաւասար կարելիութիւն», ըսած է ան։ Լիսեք հաստատած է, որ ընտրական գործընթացներուն ընթացքին բաւական նկատելի յառաջընթաց արձանագրուած է:
«Յառաջընթացը տեսանելի էր ընտրարշաւի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ խաղաղ եւ մրցակցային մակարդակով, ինչպէս նաեւ նկատելի էր լրատուամիջոցներու մատչելիութիւնը: Կային կազմակերպչական կարգ մը խնդիրներ, եւ ընտրական գործընթացը երբեմն խոչընդոտներու հանդիպած էր կարգ մը կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու անտեղի միջամտութիւններուն պատճառով», նշած է ԵԽ պատուիրակութեան ղեկավարը: Անոր համաձայն, իրենց գոյացուցած նախնական եզրակացութիւնները պէտք է նկատի առնուին իբրեւ նպատակներ, որոնց պէտք է հասնիլ նախագահական ընտրութուններէն առաջ: ԵԽն այս գործընթացին մէջ պատրաստ է իր օժանդակութիւնը տրամադրելու: Բոլոր շահագրգիռ կողմերը ընդգծած են իրենց հաստատակամութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ ընտրութիւնները եւրոպական չափանիշներով կայացնելու: Իր խօսքի աւարտին Քշիշթոֆ Լիսեք հաստատած է, որ ԵԽն պիտի շարունակէ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել Հայաստանի հետ՝ առաջնորդուելով «Աւելին՝ աւելիի դիմաց» սկզբունքով:
ԵԽԽՎ պատուիրակութեան ղեկավար Պարոնուհի Նիքըլսընը նշած է, որ բաւական տպաւորիչ էր ընտրութիւններուն քաղաքացիներու ներկայութիւնը եւ աշխուժութիւնը՝ 60 տոկոսէ աւելի տարողութեամբ: Ան անդրադարձած է նաեւ ընտրողներու տարիքային պատկերին՝ երիտասարդներէն մինչեւ երէցներ։
«Թեկնածուներու ծաւալած արշաւը շատ արդիւնաւէտ էր, որովհետեւ ընտրողները լաւապէս գիտէին իրենց կատարելիք ընտրութեան մասին: Յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ, եւ փափաքելի է, որ իշխանութիւնը լրջօրէն նկատի ունենայ այն հարցերը, որոնք առկայ էին այս ընտրութիւններուն», դիտել տուած է Նիքըլսըն։