ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Դրամ փոխ տալու պարագային մեծ զգուշաւորութիւն ցուցաբերողները երբեմն ագահի անուն կը ժառանգեն, որ իրենցմէ ալ կ՛անցնի իրենց յաջորդ սերունդներուն, եւ այսպէս շարունակաբար իրենց ամբողջ գերդաստանը այդ տխրահռչակ տիտղոսին կը տիրանայ ակամայ:

Փոխյարաբերական կեանքի մէջ, յատկապէս ընկերային խաղաղ պայմաններու հետամուտ մարդիկ, ընդհանրապէս այն կարծիքը կ՛արտայայտեն, որ պէտք չէ՛ քաջալերել դրամ փոխ առնել ուզող մարդիկ: Քրիստոնեայ բարոյագէտներ, հիմնուելով Յիսուսի ուսուցումներուն վրայ, տկարին, անկեալին, զրկեալին ու կարիքաւորին օժանդակութիւն ցուցաբերելու սկզբունքը առաջնահերթ կը նկատեն, առանց քննելու այն յետին նպատակները, զորս կը հետապնդէ երբեմն օժանդակութիւն ստացած անձը:
Պատահած է, որ ոմանք նոյնիսկ կրթաթոշակներ տրամադրող հիմնարկութիւններու դիմած են, համալսարանական կրթանպաստ ստանալու, եւ սակայն այդ նպատակին չեն ծառայեցուցած գումարը, ու այլ ծրագիրներ իրագործած են: Նոյնը կ՛առարկուի յաճախ աղքատներուն ցուցաբերուած օժանդակութեանց պարագային: Հարց կու տան. «Թերե՞ւս այդ նպաստը ստացող աղքատը թմրեցուցիչ ձեռք ձգելու յատկացուց մեր տուած գումարը»: Այս եւ նման կացութիւնները շրջանցելու համար, ոմանք աղքատին կու տան այն՝ ինչի կարիք ունի, եւ ո՛չ թէ գումար կը յատկացնեն, որպէսզի ի՛նք իր գլխուն ճարը տեսնէ: Այսպէս, փոխան գումարի, հագուստ, ուտեստեղէն, վառարան, աթոռ, սեղան, պնակեղէն եւ այլ պիտոյքներ կու տան անոր իբրեւ նուէր, վստահ ըլլալով որ անոնց կարիքը ունի, եւ պիտի օգտագործէ զանոնք: Տեսնուած է նաեւ, որ հակառակ կարիքը ունենալուն, աղքատներ երբեմն վաճառած են իրենց եկած այդ նպաստները, եւ կանխիկ գումարի վերածելով, դարձեալ իրենց միտքին մէջ եղածը իրագործած են: Մարդու ազատութիւնը ո՛չ ոք կրնայ կաշկանդել: «Նպատակս տկարութիւն չի՛ ճանչնար» ժողովրդային առածը ինքնին կը վկայէ այն կամքին մասին, որ իւրաքանչիւր մարդու մէջ ըլլալով, անոր ինքնասիրութիւնը կը շոյէ, եւ անկախ ու ազատ ըլլալու երկնատուր որոշումը կ՛ընդգծէ:
Դրամ փոխ տալու դժուարութիւն ունեցողներուն պարագային, համոզումը այն է, թէ տալէն ետք շատ դժուար կ՛ըլլայ զայն ետ ձեռք ձգելը: Ոմանք ալ գնողական արժէքին բարձրացումը նկատի ունենալով, տարբեր հաշուարկներ կ՛ընեն, ու այնպէս կը գտնեն, թէ փոխ տրուած դրամին ուշացումով, կը վնասեն իրենք: Տոկոսային հաշիւները յատկապէս մեծ գումարներու պարագային, իրենց արժէքը ունին, եւ կրնան ազդել ընդհանուր գումարի բարձրացման կամ անկումին: Ուրեմն, նախընտրելի կը գտնեն բնաւ դրամ փոխ չտալը, ու զանիկա իրենց դրամատնային հաշուին մէջ ապահով թողելը: Այս վախը շատերու քով կը նկատուի, եւ շատ յաճախ վերջ կը դնէ շատ մտերիմ բարեկամութիւններու:
Կ՛ըսուի թէ մուկն ու մրջիւնը մտերիմ բարեկամներ դարձած էին, եւ միշտ օգտակար կը հանդիսանային իրարու, տարբեր աշխատանքներու մէջ: Օրին մէկը մուկին տան դուռը կը բախեն: Դուռը կը բանայ, սակայն ո՛չ ոք կը գտնէ այնտեղ: Քիչ ետք դարձեալ կը բախուի դուռը: Տան գործերը թողած երբ դարձեալ կը հասնի դրան մօտ ու կը բանայ զայն, զարմանքով դարձեալ կը տեսնէ որ ոչ ոք կայ անոր առջեւ: Մտածելով որ թաղի չար տղաքը կրնան ըլլալ, որոնք դուռը բախելէ ետք կ՛երթան ու կը պահուըտին, կը վերադառնայ իր գործին: Շատ չանցած երրորդ անգամ ալ կը բախուի դուռը, բայց այս անգամ մուկը շատ արագ քայլերով կը հասնի դրան մօտ ու աճապարանքով կը բանայ: Հազիւ բացած կը տեսնէ իր բարեկամ մրջիւնը, որ դուրսի քամիին դէմ պայքարելով, այս անգամ յաջողած էր ոտքերը ամրացնել գետին, եւ քամին չէր կրցած քշել զինք դրան առջեւէն:
_Քո՛յրս, ես ալ կը խորհէի թէ թաղի չար տղաքն են, եւ կը պատրաստուէի բարկանալ իրենց վրայ: Ուրեմն այդ դուն էիր դուռը բախողը, _ ըսաւ մուկը հանդարտած:
_ Այո՛ սիրելի եղբայրս, ամէն անգամ հազիւ բախած դուռը, զօրաւոր քամին կը քշէր զիս անդին, ու դուն դուռը բանալով մէկը չէիր գտներ, _ պատասխանեց մրջիւնը:
Այսպէս, անուշութեամբ զրուցելով, ու վերահաստատելով իրենց նախկին բարեկամութիւնը, իրարու որպիսութիւն հարցնելով ու զուարթ տրամադրութեամբ ներս մտան երկուքը եւ կողք կողքի նստան:
Իր հիւրին յարգելի յարմար հիւրասիրութիւնը կատարելէ ետք, մուկը շուտով իմացաւ, այս այցելութեան բուն նպատակը, որ դրամ փոխ առնել էր: Մրջիւնը ձմրան համար իր տարեկան պաշարը ամբարելու աշխատանքին մէջ, նիւթականի կարիք ունենալով, եկած էր խնդրելու որ իրեն մտերիմ բարեկամ եղող մուկը դրամ փոխ տայ: Առանց տատամսելու, մուկը քիչ առաջուան փորձառութիւնը օգտագործելով ըսաւ.
_ Մրջի՛ւն քոյրս, դրամ փոխ առնելու եկած ես, եւ հազիւ գտայ քեզ, հապա՞ եթէ դրամը վերադարձնելու ժամանակդ գայ, քեզ ուրկէ՞ պիտի գտնեմ…:
Եւ այդ խօսքն ալ եղաւ վերջնագիրը մուկին ու մրջիւնին սիրալիր բարեկամութեան:
Այսպիսի «մուկերով» ու «մրջիւն»ներով լեցուն է նաեւ մարդկային ընկերութիւնը: Ո՞վ կրնայ սահմանել մարդոց բարեկամութեան աստիճանը, կամ տալ այդ բարեկամութեան տեւողութեան համար սահմանուած ժամանակը: Յատկապէս նիւթական հիմք ունեցող երկիրներուն մէջ, ամէն ինչ խարսխուած է նիւթական արժէքներու, ու մանաւանդ՝ դրամի վրայ: Դրամին հետ մարդուն յարաբերութենէն կարելի է նաեւ գնահատել անոր արժեւորումները տարբեր կալուածներէ ներս եղող իսկական արժէքներու:
Մուկին ու մրջիւնին բարեկամութիւնը թէեւ շահու կամ նիւթական արժէքներու վրայ հիմնուած չէր սկզբնապէս, սակայն հազիւ մօտեցած այդ արժեչափին, բարեկամութեան իսկական գոյնը ի յայտ եկաւ, եւ խզուեցաւ: Տեսնուած է որ տարիներու բարեկամներ այս պատճառաւ հետզհետէ կը պաղին ու կը հեռանան իրարմէ, եւ նոյնիսկ անծանօթներ կը դառնան որոշ ժամանակ ետք: Նիւթին հանդէպ անբացատրելի մարդկային սէրն է այս, որուն լուծումը ոմանք առանց գտնելու կը մեկնին այս աշխարհէն: Իրենց մահուան սնարին մէջ ոմանք իրենց ունեցած ոսկեայ ժամացոյցը կը փնտռեն, հոգեվարքի մէջ մատանիներ ու ապարանջաններ կը հարցնեն, որոնք բոլորը ցոյց կու տան այն արտակարգ կապուածութիւնը, զոր մարդիկ երբեմն կ՛ունենան նիւթին կամ նիւթական հարստութեան նկատմամբ:
Դրամին արժէքը իմացող մարդէն երբ պարտքի դրամ ուզած են, պատասխաներ է ըսելով.
_Դրամը հոգի չէ՛, այլապէս կու տայի:
Այսինքն, հոգին «տալ»ը՝ ուրիշին նուիրելը, նոյնիսկ ուրիշին փոխարէն մեռնիլը, աւելի՛ դիւրին կը համարեն անոնք, քան՝ դրամ փոխ տալը:
Ամէն մարդ իր գիտցածին պէս պիտի շարունակէ: Սակայն լա՛ւ է այս մասին աւելի լայն ծանօթութիւն ունենալը: