
ՊՈՍԹԸՆ.- Յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, այս տարի, յաջորդաբար 61րդ անգամն ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փափս»ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հալ» սրահին մէջ:
Այս տարուան հայրենի արուեստագէտն է՝ Նարեկ Յարութիւնեան (քլարինէթ), որ պիտի ներկայացնէ Վիթորիօ Մոնթիի հռչակաւոր «Չարտաս» գործը, Կոմիտասի «Կռունկ»ը եւ ճեզ հանրածանօթ աւագասրնգահար Արթի Շոյի «Համանուագ»ը:
19 գարուններ բոլորած Նարեկ Յարութիւնեան երկու տարի առաջ շահած էր միջազգային կարեւոր մրցանակներէն մէկը՝ The 2010 Young Concert Artists International Auditions, Նիւ Եորքի մէջ: Ան նաեւ ելոյթներ ունեցած է Ուաշինկթընի եւ Պաֆըլոյի մէջ:
Նարեկ ծնած է Գիւմրի եւ հազիւ երեք տարեկանին փոխադրուած է Մոսկուա: Ան աշակերտած է ծանօթ Եւկենի Փեթրովին: Այժմ, ան կը բնակի Նիւ Եորքի մէջ, եւ կ՛ուսանի «Ճիւլիարտ» դպրոցին մէջ (Juilliard School), ուսուցիչ ունենալով Չարլզ Նայտիշը:
Ան ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի Լուվր թանգարանի սրահին մէջ, նաեւ Ճենովայի «Փալացօ Տել Փրինչիփէ» սրահէն ներս: Նաեւ, ան ելոյթ ունեցած է Փրակի «Radio Symphony Orchestra»ի, Մոսկուայի «Virtuosi Chamber Orchestra»ի եւ Քալինկրատի նուագախումբերուն հետ: Նշենք թէ, «Պոսթըն Փափսի ղեկավարն է մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել www.FACSBoston.org կայքը: